Եմէնի հուսի ապստամբներն անօդաչու թռչող սարքով հարուածած են Թէլ Աւիւը. բեկորներ ինկած են ԱՄՆ հիւպատոսութեան հարեւանութեամբ, յայտնած է The Jerusalem Post-ը:
Վերջին տուեալներով՝ հարուածի հետեւանքով 1 մարդ զոհուած է, եւս 10-ը՝ վիրաւորուած։
Հուսիներու շարժումը պաշտօնապէս ստանձնած է անօդաչուով յարձակման պատասխանատւութիւնը: Եմէնի հուսիներու խօսնակ Եահիա Սարիէն X-ի եթերին ըսած է, որ խմբաւորումը շուտով մանրամասնութիւններ պիտի բացայայտէ Թէլ Աւիւը թիրախաւորած ռազմական գործողութեան մասին։
Սէուտական Al Arabia հեռուստաալիքի տուեալներով՝ ուրբաթ գիշեր Միացեալ Նահանգները որսացած է պալիսթիք հրթիռ եւ երեք անօդաչու թռչող սարք, որոնք հուսիներու կողմէ արձակուած են Իսրայէլի ուղղութեամբ, սակայն չորրորդ անօդաչուն յաջողած է խոցել Թէլ Աւիւը: