Պէյրութի Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզը ծնողներուն ներկայացուցած է վերջրերս կատարած նորամուծութիւնը՝ աշակերտներու կարողութիւններու գնահատման նոր համակարգը, որ կարեւոր զարգացում մըն է Ֆրանսայի կրթութեան նախարարութեան կողմէ մանկապարտէզին շնորհուած homologation-ի պայմաններու գործադրութեան ծիրին մէջ։
Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Մեսրոպեան Վարժարանի դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը`
Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ տեղեկատուական բնոյթի ծնողական կարեւոր հանդիպում մը, որուն ընթացքին ծնողներուն ներկայացուեցաւ մանկապարտէզին կողմէ կիրարկութեան դրուած աշակերտներու գնահատման նոր համակարգը, որ նախապէս կը ներկայանար «վիճակացոյց» կամ «գարնէ» անուններով։
Այս նորամուծութիւնը կարեւոր զարգացում մըն է Ֆրանսայի կրթութեան նախարարութեան կողմէ մեր մանկապարտէզին շնորհուած homologation-ի պայմաններու գործադրութեան ծիրին մէջ։ Յիշեցնենք, որ homologation-ը հեղինակաւոր ճանաչում մըն է, որ Մեսրոպեան մանկապարտէզը կը դասէ Ֆրանսայի կրթական չափանիշներուն համապատասխանող դպրոցներու ընտրեալ խումբին շարքը։
Հանդիպումը գլխաւորեց Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ, որ բացման խօսքով ողջունեց ծնողները եւ ընդգծեց առիթին նշանակութիւնը։ Այնուհետեւ խօսք առաւ մանկապարտէզի պատասխանատու տիկին Քարոլին Թերզեան, որ ծնողներուն ներկայացուց գնահատման նոր համակարգը, որ կը վերաբերի դասաւանդուող բոլոր առարկաներուն եւ մանուկներու զարգացման բոլոր կողմերուն։ Ան բացատրեց, որ գնահատականները պիտի դասակարգուին ըստ զանազան առարկաներու մէջ մանուկներու կարողութիւններուն, եւ որ իւրաքանչիւր մանուկի գնահատման գրքոյկը պիտի ուղեկցի անոնց մանկապարտէզի եռամեայ ամբողջ շրջանին՝ ապահովելով անոնց զարգացման շարունակական եւ հետեւողական արձանագրութիւնը։
Հանդիպումը շարունակուեցաւ դպրոցի օրթոֆոնիստ Սարին Պէքէրէճեանի ներկայացումով, որ լոյս սփռեց վաղ մանկութեան լեզուական եւ հաղորդակցական շարք մը հարցերու վրայ։ Անոր յաջորդեց դպրոցի psychomotricienne Նարoտ Խըտըրլարեանի զեկոյցը, որ անդրադարձաւ նախադպրոցական տարիքին հոգեշարժական (սայքոմոթոր) զարգացման կարեւորութեան։ Այնուհետեւ ծնողները հնարաւորութիւն ունեցան անձամբ այցելելու դասարանները եւ տեսնելու, թէ ինչպէս կ՚իրականացուի ամէնօրեայ ուսուցումը իրենց զաւակներուն համար։
Մեսրոպեանը միշտ յանձնառու կը մնայ ծնողներուն հետ ամուր յարաբերութիւններ պահպանելուն՝ գիտակցելով, որ բաց հաղորդակցութիւնն ու փոխըմբռնումը մեր աշակերտներուն յաջողութեան հիմքն են։
