«FlyDubai» օդանաւային ընկերութեան կողմէ իրականացուած երկու թռիչքներով՝ մարտ 4–5-ը, ՀՀ քաղաքացիի անձնագրով ԱՄԷ-էն Հայաստան վերադարձած է 197 անձ։
Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութենէն։
Մարտ 6-ին իրականացուող թռիչքով (որ ներկայիս օդին մէջ է) նախատեսուած է ՀՀ քաղաքացիի անձնագրով ճամբորդող եւս 45 անձի վերադարձ։