Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդը հրթիռներով եւ անօդաչու թռչող սարքերով թիրախաւորած է Պահրէյնի մէջ գտնուող Միացեալ Նահանգներու ռազմական օդակայանը։
Այս մասին կը տեղեկացնէ «ԹԱՍՍ»-ը։
«Այսօր լուսաբացին Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդը անօդաչու թռչող սարքերով եւ հրթիռներով զանգուածային հարուած հասցուցած է ԱՄՆ-ի ռազմակայանին՝ Պահրէյնի Շէյխ Իսա շրջանին մէջ»,- յայտարարութենէն հատուած մը ներկայացուցած է Իրանի պետական հեռուստատեսութիւնը։
Նշուած է, որ ամերիկեան ռազմական կեդրոնին վրայ յարձակման ընթացքին օգտագործուած են 20 մարտական ԱԹՍ եւ երեք պալիսթիք հրթիռ։
Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի պնդումով՝ յարձակման հետեւանքով «աւերուած է օդակայանի հրամանատարական-շտաբային շէնքը, բռնկած են վառելիքի սիթեռները»։