Իրանի պաշտպանութեան խորհուրդը սպառնացած է իրաքցի քիւրտերուն հարուածներ հասցնել Իրանի տարածք ներթափանցելու փորձերու պարագային։
«Խմբաւորումներու՝ Իրանի սահմաններ ներթափանցելու պարագային Իրաքեան Քիւրտիստանի բոլոր կառոյցները թիրախ պիտի դառնան: Իրաքեան Քիւրտիստանի ընկերներուն եւ եղբայրներուն կը յիշեցնենք, որ մինչ այժմ մենք հարուածներ հասցուցած ենք միայն ԱՄՆ-ի, Իսրայէլի եւ անջատողական խմբաւորումներու կայաններուն»,- ըսուած է Պաշտպանութեան խորհուրդի յայտարարութեան մէջ, որը մէջբերած է Fars գործակալութիւնը: