Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կրնան հանդիպիլ Ռուսիոյ մէջ եւ եռակողմ բանակցութիւններ վարել Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի մասնակցութեամբ։ Հանդիպման մասին յայտնած է «Վետոմոսթի» պարբերականի դիւանագիտական աղբիւրը։
Անոր խօսքով, աշխատանքը սկսած է 14 հոկտեմբերին Աստանայի մէջ Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան գագաթնաժողովին՝ Փութինի հաշտարար ելոյթէն ետք. այնտեղ քննարկուած էին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տարածքային վէճերը։
«Վետոմոսթի»-ի մէկ այլ աղբիւր նշած է, որ նման բանակցութիւնները կրնան տեղի ունենալ հոկտեմբերի վերջին օրերուն, հանդիպման կայացման հիմնական վայրեր կրնան ըլլալ Մոսկուան կամ Սոչի։
«Ամենայն հաւանականութեամբ, ընտրութիւնը պիտի կանգնի Սոչիի վրայ»,-ըսած է ան։
Աւելի վաղ Փաշինեանի եւ Ալիեւի երկու հանդիպում՝ մէկը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի, միւսը՝ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի մասնակցութեամբ, տեղի ունեցած է Փրակի մէջ 6-7 հոկտեմբերին, Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթնաժողովին։ Մաքրոնի մասնակցութեամբ գագաթնաժողովը, որուն մասնակցած է նաեւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելը, աւարտած է յայտարարութեան ընդունմամբ։ Անոր մէջ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը հաստատած են իրար տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը: