image

Հոկտեմբեր 5-ին Կրանատայի մէջ նախատեսուած է Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպում

Հոկտեմբեր 5-ին Կրանատայի մէջ նախատեսուած է Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպում

Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանն աշխատանքային այցով պիտի մեկնի Պելճիքայի մայրաքաղաք Պրիւքսէլ:

Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդի հաղորդագրութենէն, ուր նաեւ նշուած է, որ 26 սեպտեմբերին կը նախատեսուի անոր հանդիպումը Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի, Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի, Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի խորհրդականներու ու Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի հետ՝ նախապատրաստելու 5 հոկտեմբերին Կրանատայի մէջ նախատեսուած առաջնորդներու հնարաւոր հանդիպումը: