Հիտրոօդերեւութաբանութեան եւ վերահսկողութեան կեդրոնը ներկայացուցած է Երեւանի մէջ մթնոլորտային օդի որակը օգոստոս 5-11-ը։
Փոշիի պարունակութիւնը գերազանցած է սահմանային թոյլատրելի խտութիւնը.
-Կեդրոնի մէջ՝ ամբողջ շաբաթ,
-Արաբկիրի մէջ՝ ամբողջ շաբաթ,
-Շենգաւիթի մէջ`օգոստոս 5-6-ը եւ 9-ին,
-Նոր Նորքի մէջ՝ օգոստոս 5-ին։
Ազոթի երկօքսիտի պարունակութիւնը գերազանցած Է սահմանային թոյլատրելի խտութիւնը․
-Կեդրոնի մէջ՝ օգոստոս 5-6-ը եւ 8-9-ը
-Նոր Նորքի մէջ՝ գրեթէ ամբողջ շաբաթ,
-Արաբկիրի եւ Շենգաւիթի մէջ`չեն գերազանցած։
Ծծումբի երկօքսիտի պարունակութիւնը չէ գերազանցած սահմանային թոյլատրելի խտութիւնը։