Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը խորապէս մտահոգուած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տիրող իրավիճակով եւ հակամարտութեան՝ Կազայէն եւ Իսրայէլէն դէպի այլ երկիրներ տարածուելու վտանգով։ Տարածքին մէջ տեղի ունեցած ամենավերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ Քահանայապետը յոյս ունի, որ դաժան ու արիւնալի հակամարտութիւնն աւելի չընդլայնիր: Այս մասին գրած է vaticannews.va կայքը:
Դիմելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակին մէջ հաւաքուած հաւատացեալներուն՝ Ֆրանչիսկոս պապն աղօթած է բոլոր զոհերու, յատկապէս անմեղ երեխաներու, Պաղեստինի, Իսրայէլի եւ Լիբանանի ժողովուրդի համար՝ առանձնայատուկ կարեկցանք յայտնելով Իսրայէլի մէջ բնակող տիւրզի համայնքին, որու 12 ներկայացուցիչ զոհուած էր անցեալ շաբաթ Լիբանանէն արձակուած հրթիռէն:
Հռոմի պապ Ֆրանչիսկոսը նաեւ կոչ ըրած է «քաջութիւն ունենալ երկխօսութիւնը վերսկսելու համար, որպէսզի մարտերն անմիջապէս դադրեցուին Կազայի մէջ եւ բոլոր ճակատներու վրայ, եւ պատանդներն ազատուին»:
«Ռմբակոծութիւնները, սպանութիւնները եւ բռնութիւնները ոչ մէկ նպատակի կը ծառայեն: Յարձակումները, սպանութիւնները երբեք լուծում չեն կրնար ըլլալ: Ատոնք ոչ թէ կ՚օգնեն շարժիլ արդարութեան, խաղաղութեան ճանապարհով, այլ աւելի մեծ ատելութիւն եւ վրէժխնդրութիւն կ՚առաջացնեն։ Բաւակա՛ն է, եղբայրնե՛ր եւ քոյրե՛ր: Բաւակա՛ն է, մի՛ խեղդէք Աստուծոյ խաղաղութեան խօսքը, թող այն ըլլայ Սուրբ Երկրի, Մերձաւոր Արեւելքի եւ ողջ աշխարհի ապագան: Պատերազմը պարտութիւն է», - աւելցուցած է ան։