image
Հրատապ լուրեր:

Հռոմի պապը կոչ ըրած է ուսումնասիրելու` արդեօք Կազայի մէջ կատարուողը «ցեղասպանութեան» նշաններ ունի

Հռոմի պապը կոչ ըրած է ուսումնասիրելու` արդեօք Կազայի մէջ կատարուողը «ցեղասպանութեան» նշաններ ունի

Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը հանդէս եկած է Կազայի հատուածին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու հետաքննութեան օգտին՝ պարզելու, թէ արդեօք ատոնք կը համապատասխանեն «ցեղասպանութիւն» սահմանման: Այս մասին ան գրած է «Յոյսը երբեք չի հիասթափեցներ. Ուխտագնացութիւն դէպի աւելի լաւ աշխարհ» գիրքին մէջ, որ յաջորդ շաբաթ լոյս պիտի տեսնէ շարք մը երկիրներու մէջ:

«Ինչպէս ըսած են որոշ փորձագէտներ, այն, ինչ կը կատարուի Կազայի մէջ, ունի ցեղասպանութեան նշաններ, անհրաժեշտ է ուշադիր ուսումնասիրել, թէ արդեօք այս սահմանումը կը համապատասխանէ իրաւաբաններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ձեւակերպման», - մէջբերած է La Stampa թերթը հատուած գիրքէն:

Իրավիճակը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ կտրուկ վատթարացած է այն բանէ ետք, երբ 2023 թուականի հոկտեմբեր 7-ին Կազայի հատուածէն իսրայէլեան տարածք ներթափանցած են պաղեստինեան արմատական «Համաս» շարժման զինեալները՝ սպանելով սահմանամերձ բնակավայրերու բնակիչները եւ պատանդներ վերցնելով։ Ի պատասխան՝ Իսրայէլը անկլաւին մէջ ռազմական գործողութիւն սկսած է՝ նպատակ ունենալով ոչնչացնել «Համաս»-ի ռազմական եւ քաղաքական կառոյցները եւ ազատել բոլոր պատանդները։ 2023 թուականի հոկտեմբերին ռազմական գործողութեան մեկնարկէն ի վեր Կազայի մէջ սպանուած է ընդհանուր առմամբ 43,800 պաղեստինցի, վիրաւորուած՝ 103,600-ը։