Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապը Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ կոչ ըրած է Ներման կիրակի օրը նստելու բանակցութիւններու սեղանի շուրջ։ Այս մասին ԹԱՍՍ-ին յայտնած է Հին հաւատացեալներու համաշխարհային միութեան նախագահ Լէոնիտ Սեւասթեանով՝ վկայակոչելով քահանայապետի հետ անձնական զրոյցը:
«Հռոմի պապը Ներման կիրակի օրը ռուսերուն եւ ուքրանացիներուն կոչ ըրած է ներելու զիրար, ներելու բոլոր վիրաւորանքները եւ նստելու բանակցութիւններու սեղանի շուրջ»,- ըսած է Սեւասթեանովը։
Հին հաւատացեալներու համաշխարհային միութեան ղեկավարի խօսքով՝ քահանայապետը կը կարծէ, որ «քրիստոնէական առաքինութիւնը փոխադարձ ներումն է եւ մարդկային կեանքի պաշտպանութիւնը»։
26 փետրուարին Ռուս ուղղափառ եկեղեցին կը նշէ, Ներման կիրակի օրը՝ Մեծ Պահքին նախորդող վերին օրը: Ուղղափառ աւանդոյթի համաձայն, Ներման կիրակի օրը քրիստոնեաները պէտք է հաշտուին բոլոր անոնց հետ, որոնցմէ նեղացած են: