image

Հրապարակուած է «Յանուն իմ կեանքի» յուշամատեանը

Հրապարակուած է «Յանուն իմ կեանքի» յուշամատեանը

Տաւուշի թեմի առաջնորդարանէն ներս 29 Օգոստոսին տեղի ունեցած է «Յանուն իմ կեանքի» յուշամատեանի շնորհահանդէսը՝ նուիրուած Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին նահատակուած տաւուշցի հերոսներուն, կը յայտնեն Տաւուշի թեմէն:

Միջոցառումը կազմակերպած է Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ եպիսկոպոս Գալստանեանը։ Յուշամատեանը կազմած է Արմաւ հրատարակչութիւնը։

Բագրատ սրբազանի խօսքերով, յուշամատեանը կը պատմէ տաւուշցի հերոսներու մասին, որոնք նայեցան մահուան աչքերուն եւ յաղթեցին անոր՝ իրենց կեանքն ընծայելով Հայրենիքի սուրբ զոհասեղանին՝ բոլորիս համար, մեր հաւատքի, արժանապատուութեան եւ այս արեւի ներքոյ վեհօրէն ապրելու տեսիլքով։

«Թող այս Յուշամատեանը ՈՒԽՏԱԳԻՐ դառնայ մեզ համար՝ արժանի եւ հաւատարիմ ազգ Աստծուն, ձեր կտակի եւ մեր երազների իրականացման ճանապարհին․․․Յաւերժ խոնարհում ձեզ մեր ՄԵԾ ԱՆՄԱՀՆԵՐ»,-իր խօսքին մէջ նշած է թեմի առաջնորդը։