image

Հրանդ Կիւզէլեանի հրաշալի «Հայր Մեր»ը

 Հրանդ Կիւզէլեանի հրաշալի «Հայր Մեր»ը

Օրերս իր լրումին հասաւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ նուիրական անուններէն՝ Հրանդ Կիւզէլեանի 100-րդ տարեդարձը  (16  յունիս 1921-ին)։

Մեծ  առաքինութիւններու տէր   հոգեւորական գործիչը կը համարուի հիմնադիրը  Պոլսոյ  մէջ հիմնադրուած «Քէմբ Արմէն»ին։

Տեղին է շեշտել, որ «Քէմբ  Արմէն»ի գլխաւոր  նպատակներէն էր գաւառի մէծ ծնած  հայ  մանուկներն ու  պատանիները ի մի խմբել ու անոնց ջամբել հայեցի եւ քրիստոնէական դաստիարկութիւն։

 Ու նոյն  «Քէմբ  Արմէն»ի  ամենայայտի հունձքերէն կը համարուի մեր ժամանակներու  մեծագոյն վկաներէն մին, անմահանուն ՝ Հրանդ  Տինքը։

Ստորեւ  մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք  Հրանդ Կիւզէլեանի  կատարմամբ եւ հրաշալիօրէն հնչեղ՝ «Հայր  Մեր»ը։

Մեր  ժողովուրդի վաւերական նուիրեալները միշտ ալ յիշատակելի  են ու  անոնց   մասին հարկ է  խօսիլ ամէն պատեհ  առիթի։

Բարի  ունկնդրութիւն եւ օրհնաբեր կիրակի։

Յ.գ. Նշենք, որ տեսանիւթը  տարածուած է Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (AMAA) կողմէ։