Օրերս իր լրումին հասաւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ նուիրական անուններէն՝ Հրանդ Կիւզէլեանի 100-րդ տարեդարձը (16 յունիս 1921-ին)։
Մեծ առաքինութիւններու տէր հոգեւորական գործիչը կը համարուի հիմնադիրը Պոլսոյ մէջ հիմնադրուած «Քէմբ Արմէն»ին։
Տեղին է շեշտել, որ «Քէմբ Արմէն»ի գլխաւոր նպատակներէն էր գաւառի մէծ ծնած հայ մանուկներն ու պատանիները ի մի խմբել ու անոնց ջամբել հայեցի եւ քրիստոնէական դաստիարկութիւն։
Ու նոյն «Քէմբ Արմէն»ի ամենայայտի հունձքերէն կը համարուի մեր ժամանակներու մեծագոյն վկաներէն մին, անմահանուն ՝ Հրանդ Տինքը։
Ստորեւ մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք Հրանդ Կիւզէլեանի կատարմամբ եւ հրաշալիօրէն հնչեղ՝ «Հայր Մեր»ը։
Մեր ժողովուրդի վաւերական նուիրեալները միշտ ալ յիշատակելի են ու անոնց մասին հարկ է խօսիլ ամէն պատեհ առիթի։
Բարի ունկնդրութիւն եւ օրհնաբեր կիրակի։
Յ.գ. Նշենք, որ տեսանիւթը տարածուած է Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (AMAA) կողմէ։