image

Հնարաւոր է` ապրիլ 27-ին Փութին այցելէ Թուրքիա. Էրտողան

Հնարաւոր է` ապրիլ 27-ին Փութին այցելէ Թուրքիա. Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան A Haber հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցին խօսած է ապրիլ 27-ին Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հնարաւոր այցի մասին: 

Աւելի վաղ Էրտողան յայտնած էր, որ ապրիլ 27-ին կը նախատեսուի միջուկային վառելիքի ներկրում Մերսինի «Աքքույու» աթոմակայան:

«Ապրիլ 27-ին, հնարաւոր է, պարոն Փութինն ալ գայ, կամ մենք կը միանանք առցանց համակարգի միջոցով եւ յոյսով եմ, որ առաջին քայլը կ'ընենք»,-ըսած է Էրտողան:

Միջուկային վառելիքը կը նախատեսուի ներմուծել Թուրքիոյ «Աքքույու» Աթոմային ելեկտրակայանի (ԱԷԿ) կառոյցի հարթակ եւ տեղաւորել թարմ միջուկային վառելիքի պահեստին մէջ, վառելիքի ներկրման պահէն «Աքքույու» Աթոմային ելեկտրակայանը միջուկային կառոյց կը դառնայ, իսկ Թուրքիան՝ երկիր, ուր աթոմային ուժանիւթ կայ:

Ռուսիոյ մասնակցութեամբ կառուցուող «Աքքույու» աթոմակայանը Թուրքիոյ մէջ առաջին աթոմակայանն է։ Կը նախատեսուի, որ ռուսական առաջադէմ ВВЭР-1200 հիւլէական փոխազդակներով համալրուած բոլոր չորս պլոքները շահագործման յանձնելէ ետք կայանը տարեկան արտադրէ մօտ 35 միլիառ քիլոուաթ/ժամ եւ ծածկէ Թուրքիոյ ելեկտրականութեան պահանջարկի մինչեւ 10%-ը։