Լիբանանահայ մեր հայրենակից՝ Սագօ Գասապեան կը գրէ՝
Ընկերներս, հարազատներս եւ հարեւաններս լաւ կը ճանչնան զիս, եւ լաւ գիտեն թէ կը կիրարկեմ հետեւեալ կանոնները.- «Իրականութիւնը ընդունիր ինչքան որ ծանր ըլլայ. բայց մի համակերպիր ինչքան թեթեւ ըլլայ»։ Ահա պարզ կանոն մը, որ կ՚ապահովէ հաւասարակշռութիւն պահել անհաւասարակշիռ այս օրերուն. աւելի՛ն, կ՚օգնէ ինքնակամօրէն մէկ քայլ հեռու մնալու համատարած ցեխէն։
Նշածներս մինչեւ հիմա պահած էի իբր գաղտնիք, որոնք ազատ կ՛արձակեմ այս փոսթով, վերջին կէտն ալ աւելցնելէ ետք։
Վերջին կէտը կ՚ըսէ.- «Ինքնաքննութիւն եւ իքնաքննադատութիւնը սիրէ, ինչպէս որ կը սիրես ուղիղ ճամբան»։
Հիմա եթէ ուղիղ ճամբան չես սիրեր, ինքնաքննադատութիւնը կը տեսնես միայն որպէս հասարակ երկար բառ։
Եւ որպէս եզրակացութիւն, կատարած վերջին ինքնաքննութեանս եւ ապա ինքնաքննադատութեանս արդիւնքը կը հրապարակեմ, եւ ձեզի կը ներկայացնեմ հիւանդութեան անունը, որմէ կը տառապիմ.- Misophonia.
Բուժման համար ձեռնարկած եմ հարկն ու պատշաճը, մտահոգիչ բան չկայ։
Երանի բոլոր անոնք, որոնք կը կասկածին թէ ինչ որ հիւանդութեամբ կը տառապին, կատարեն ինքնաքննութիւն, ինքնաքննադատութիւն, եւ առնուազն հասկնան, թէ ի՛նչ հիւանդութենէ կը տառապին. ամօթ բան չկայ, ամօթը հիւանդանալէ ետք բուժուիլը մերժել, եւ այդ մերժելով շրջապատն ալ բռնի հիւանդացնելն է