image

Հիմա ալ կապիկի՞ վարակ

Հիմա ալ կապիկի՞ վարակ

Չինաստանի մէջ արձանագրուած է կապիկի B վարակէն մարդու մահուան առաջին դէպքը, կը յայտնէ Global Times- ը:

Աղբիւրը կը նշէ, որ մահացած տղամարդը Փեքինի  53-ամեայ անասնաբոյժն է:Մարտի սկիզբը ան, փրիմաթներու (Ամենակազմակերպուած կաթնասուններու կարգը, որու մէջ կը մտնեն կիսակապիկները, կապիկները եւ մարդը) վրայ փորձարարական հետազօտական ​​աշխատանքներու ժամանակ վիրահատած է երկու սատկած կապիկներ: Մէկ ամիս անց անոր մօտ առաջացած է սրտխառնոցի, փսխման եւ ջերմութեան ախտանիշեր:

Հետազօտութիւնը հաստատած էր, որ անասնաբոյժը վարակուած էր կապիկի B (BV) վարակով։ Մինչ այդ, Չինաստանի մէջ այս վարակէն մահուան դէպքեր կամ նոյնիսկ ախտանշաններ ի յայտ չեն եկած:

Կը հաղորդուի, որ անասնաբոյժի հարազատներու հետազօտութեամբ անոնց մօտ վարակ չէ յայտնաբերուած:

1932 թուականին ի յայտ եկած վարակը կրնայ փոխանցուիլ կապիկի հետ անմիջական շփման միջոցով: Անորմէ մահացութիւնը 70-80% է: Չինաստանի մէջ  կոչ  ըրած են՝ զօրացցնել  տարրալուծարաններու վերահսկողութիւնը եւ պաշտպանել անասնաբոյժները: