image

ՀՀ վարչապետը հանդիպած է ԵԱՀԿ ընդհանուր քարտուղարի հետ

ՀՀ վարչապետը հանդիպած է ԵԱՀԿ ընդհանուր քարտուղարի հետ

Միւնիխ անվտանգութեան համաժողովի ծիրէն ներս Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում  ունեցած է Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) ընդհանուր քարտուղար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի հետ։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի միջեւ համագործակցութեան ընթացքը եւ զարգացման հեռանկարները։

Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուն ներկայացուցած է կազմակերպութեան հետագայ գործունէութեան առաջնահերթութիւններն ու ծրագիրները։ Կողմերն անդրադարձած են նաեւ տարածաշրջանային նշանակութեան հարցերուն:

Կարեւորուած է Հայաստանի եւ Ատրպէճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացքը, որու յաջողութիւնն էական դեր պիտի ունենայ տարածաշրջանային կայունութեան ապահովման գործին մէջ։

ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը վերահաստատած է կազմակերպութեան պատրաստակամութիւնը՝ աջակցելու խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման ջանքերուն։