image

ՀՀ նախագահը Էրտողանի, Մաքրոնի, Սունաքի եւ այլոց հետ մասնակցած է COP-28-ի պաշտօնական բացման արարողութեան

ՀՀ նախագահը Էրտողանի, Մաքրոնի, Սունաքի եւ այլոց հետ մասնակցած է COP-28-ի պաշտօնական բացման արարողութեան

Աշխատանքային այցով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ գտնուող նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը մասնակցած է ՄԱԿ-ի կլիմայի փոփոխութեան մասին շրջանակային համաձայնագրի կողմերու 28-րդ համաժողովի (COP-28) պաշտօնական բացման արարողութեան:

Համաժողովի ընթացքին Հանրապետութեան նախագահը հանդէս պիտի գայ ելոյթով, պիտի մասնակցի համաժողովի շրջածիրէն ներս կազմակերպուած փանելային քննարկումներուն:

Համաժողովին կը մասնակցին բազմաթիւ պետութիւններու ու միջազգային կառոյցներու ղեկավարներ, բացման արարողութենէն առաջ անոնց դիմաւորած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը։