Աշխատանքային այցով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ գտնուող նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը մասնակցած է ՄԱԿ-ի կլիմայի փոփոխութեան մասին շրջանակային համաձայնագրի կողմերու 28-րդ համաժողովի (COP-28) պաշտօնական բացման արարողութեան:
Համաժողովի ընթացքին Հանրապետութեան նախագահը հանդէս պիտի գայ ելոյթով, պիտի մասնակցի համաժողովի շրջածիրէն ներս կազմակերպուած փանելային քննարկումներուն:
Համաժողովին կը մասնակցին բազմաթիւ պետութիւններու ու միջազգային կառոյցներու ղեկավարներ, բացման արարողութենէն առաջ անոնց դիմաւորած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը։
