ՀՀ կառավարութիւնը բացասական եզրակացութիւն տուած է «Հայաստան» խմբակցութեան առաջարկած ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի փոփոխութիւններու նախագիծին, որով կ՚առաջարկուէր քրէականացնել Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը։ Համապատասխան որոշումն ընդունուած է ՀՀ կառավարութեան այսօրուան նիստի ժամանակ։
Նշենք, որ ապրիլ 22–ին Ազգային ժողովէն ներս «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեանը յայտարարած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան 110–րդ տարելիցին ընդառաջ իրենց խմբակցութիւնը շրջանառութեան մէջ դրած է Հայոց ցեղասպանութեան ուրացման պարագային քրէական պատասխանատւութիւն նախատեսող օրինագիծ։ Այս հարցը բուռն քննարկման եւ վիճաբանութիւններու առիթ դարձած էր Ազգային Ժողովի նիստերու դահլիճին մէջ։
Օրէնսդրական փոփոխութիւններով խմբակցութիւնն առաջարկած է սահմանել տուգանք՝ նուազագոյն աշխատավարձի 100–ապատիկէն 300–ապատիկի չափով կամ հանրային աշխատանքներով՝ 150–250 ժամ տեւողութեամբ, կամ ազատութեան սահմանափակմամբ՝ մէկ ամսէն մինչեւ 4 տարի ժամկէտով:
Կառավարութենէն նշած են, որ նախագիծով առաջարկուող փոփոխութիւններու նպատակայարմարութիւնը կը բացակայի:
Ընդդիմադիր խմբակցութեան այս նախագիծը պիտի ներկայացուի Ազգային ժողովի քննարկման։