image

ՀՀ-ի մէջ պիտի բարձրացուի նուազագոյն աշխատավարձի գումարը

ՀՀ-ի մէջ պիտի բարձրացուի նուազագոյն աշխատավարձի գումարը

Հայաստանի մէջ նուազագոյն աշխատավարձը բարձրացնելու ժամանակն է։ 15 Նոյեմբերին Ազգային ժողովի նիստին «Նուազագոյն աշխատավարձի չափի» եւ յարակից օրէնքներուն մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին օրինագծերու փաթեթի քննարկման ժամանակ այս մասին ըսած է աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու փոխնախարար Ռուբէն Սարգսեանը։

Բարձրացումը, ինչպէս նշած է փոխնախարարը, կը նախատեսուի յաջորդ տարուընէ։ Կ'ռաջարկուի նուազագոյն ամսական աշխատավարձը 68 հազար դրամէն բարձրացնել մինչեւ 75 հազար դրամ։ Տուեալ նախաձեռնութիւնը, Սարգսեանի խօսքով, կը բխի Կառավարութեան գործողութիւններու ծրագրէն։

«Ծրագրի մշակման ընթացքում հաշուի են առնուել ինչպէս ներկայ սոցիալ-տնտեսական իրավիճակը, այնպէս էլ երկրի մաքրոտնտեսական ցուցանիշների վերաբերեալ տեղեկատւութիւն պարունակող տուեալների բազաների վերլուծութեան արդիւնքները։ Հանրապետութիւնում նուազագոյն աշխատավարձը նախատեսւում է բարձրացնել 2023 թուականի յունուարի 1-ից»,- պարզաբանած է փոխնախարարը։