Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան (ԱԲԿ) մամլոյ քարտուղար Օմեր Չելիք յայտարարած է, թէ Թուրքիա կը փափաքի, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ շարունակուող քննարկումները խաղաղութեան համաձայնագիրի հասցնեն:
«Էյ.Փի.Էյ.»ը կը հաղորդէ, որ ան նշած է, թէ «եթէ Հայաստանը հրաժարի ապակառուցողական քայլերէն, «3+3» համագործակցութեան ձեւաչափը մեծ ներդրում պիտի ունենայ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման համար:
Չելիք նաեւ ըսած է, որ «Միացեալ Նահանգները Թուրքիայէն պահանջեց դադրեցնել աջակցութիւնը Ատրպէյճանին՝ Ղարաբաղը ազատագրելու համար»: Ըստ անոր՝ Ուաշինկթըն վերոնշեալ ժամանակաշրջանին դրած է այս պահանջը՝ իբրեւ Թուրքիա F-16ներ ուղարկելու պայման: