image

Հենրիխ Մխիթարեան մերժած է Սէուտ Արաբական առաջարկ մը

Հենրիխ Մխիթարեան մերժած է Սէուտ Արաբական առաջարկ մը

Իտալիոյ գաւաթակիր եւ սուփըրգաւաթակիր Միլանի «Ինթըր»ի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեանը հրաժարած է տեղափոխուիլ Սէուտական Արաբիա, ուր անոր առաջարկած են կրկնակի բարձր աշխատավարձ, հաղորդած է FC Inter News-ը։

Սէուտական ակումբներէն մէկը Հայաստանի հաւաքականի նախկին աւագին առաջարկած է երկու տարուան պայմանագիր, տարեկան 3 միլիոն եւրօ աշխատավարձով։

«Ինթըր»ը պատրաստ է մէկ տարիով երկարաձգելու համագործակցութիւնը 34-ամեայ ֆութպոլիսթի հետ։ Մխիթարեանի գործող պայմանագիրը նախատեսուած է մինչեւ այս մրցաշրջանի աւարտը։ Մխիթարեանը կ'ուզէ երկարաձգել պայմանագիրը մինչեւ 2026թ․ յունիս։

Քանի մը օր առաջ «Ինթըր»ի գլխաւոր տնօրէն Ճուզեփէ Մարոթան յայտնած էր, որ առաջիկային պիտի սկսին բանակցութիւնները Մխիթարեանի գործակալի հետ։