image

ՀԲԸՄ-ը ընթրիքով մը պատուեց Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք՝ Ամեն. Սահակ Բ.ը

ՀԲԸՄ-ը ընթրիքով մը պատուեց Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք՝ Ամեն. Սահակ Բ.ը

Կը շարունակուի Պոլսոյ Հայոց Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Մաշալեանի հովուական այցը դէպի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմ։

Այս առումով ալ «Արեւելք» կը ներկայացնէ խմբագրութեանս հասած լրատւութիւնը, անցնող օրերուն Սրբազան Պատրիարք Հօր ունեցած հանդիպումներուն եւ շփումներուն մասին։

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 28 Մայիս 2025, Ուրբաթ, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) կողմէ հիւրընկալուեցաւ պատուոյ ընթրիքով։ Պատրիարք Հօր կողքին էին Արեւելեան թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Պարսամեան եւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։

Միութեան ներկայ նախագահը՝ Սեմ Սիմոնեան, նախկին նախագահ՝ Պերճ Սեդրակեան եւ միութեան վարչութեան անդամները անմիջական մթնոլորտի մէջ ողջունեցին Պատրիարք Հօր ԱՄՆ գալուստը։

Ընթրիքի ընթացքին եղան սրտի խօսքեր, յատկապէս Սեդրակեանի եւ Սիմոնեանի կողմէ, որոնք իրենց բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին Պատրիարք Հօր։ Անդրադարձան որպէս պատրիարք, Նորին Ամենապատուութեան ունեցած ծանր պարտականութեանց եւ հայաշխարհէն ներս ունեցած կարեւորութեան։ Անոնք վստահութիւն յայտնեցին, որ մեր Հոգեւոր Պետը կը շարունակէ մնալ Հայ Ժողովուրդին քրիստոնէական հեղինակաւոր պատգամաբերներէն մին։

Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, եւ շեշտեց Արեւելեան Թեմի եւ ՀԲԸՄ գործակցութեան եւ հաստատուած բարեկամական կապերուն կարեւորութիւնը։ Ուրախութիւն էր, նաեւ որ միութիւնը իր վաստակաւոր անդամներու առաջնորդութեամբ կը հիւրընկալէր Պոլսոյ Պատրիարքը եւ յարգանք կը մատուցանէր առ Հայ Եկեղեցին։ Շնորհակալութիւն յայտնեց այս տեսարանին համար եւ ըսաւ, որ Պատրիարք Հօր պատմական այցելութիւնը թեմական կեանքէ ներս որպէս ներշնչանքի միջոց ընկալուեցաւ։ Մաղթեց, որ իր խօսքերը եւս ներշնչանք դառնան միութեան անդամներուն։

Նորին Ամենապատուութիւնը պատգամին մէջ յայտնեց, որ առաջին անգամ չէ որ սեղանակից կը դառնայ միութեան վարչական անդամներուն, նախկին եւ այժմու նախագահերուն։ Ինք քաջատեղեակ էր միութեան գործունէութեանց եւ անդրադարձաւ բարեգործութիւն բառին նշանակութեան եւ զօրութեան։ ՀԲԸՄ-ը տասնեակ տարիներ առաջ կազմուած է քանի մը կամաւորներու կողմէ, որոնք բարեգործութիւն բառին իմաստը իւրացնելով փափաքած էին իրենց ազգին եւ ժողովուրդին ծառայել։ Հոգեւոր առաջնորդի մը համար մխիթարական կ'ըլլայ երբ միութեան անցեալէն մինչեւ այսօր վարիչներն ու անդամները այս բառը հասցնեն կարիքաւորներուն ի շահ մեր ժողովուրդին։

Պատրիարք Հայրը յիշեցուց նաեւ միութեան պատասխանատուութիւնը եւ մաղթեց որ միութեան գործունէութիւնը ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի դառնայ խաղաղութեան եւ օրհնութեան միջոց։ Նորին Ամենապատուութիւնը այս առթիւ նուիրեց յուշապնակ մը եւ Աթոռոյս հրատարակութիւններէն «Պոլիսը՝ Հին Եւ Նոր» գիրքը։ Իսկ միւս կողմէ միութեան վարչութիւնը Պատրիարք Հօր նուիրեց Մայքըլ Արամի ստեղծագործութիւններէն օրինակ մը։