image

ՀԲԸՄ-ի Ասպետներու այցը՝ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարան. Հիւրերը ընդունուեցան Գերշ. Տ. Յովնան արք.ի կողմէ

ՀԲԸՄ-ի Ասպետներու այցը՝ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարան. Հիւրերը ընդունուեցան Գերշ. Տ. Յովնան արք.ի կողմէ

Օրերս Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմ այցելած են ՀԲԸՄ-ի Ասպետները։

Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Առաջնորդարանի դիւանին կողմէ տարածուած հաղորդագրութինը՝

Սոյն թուականի փետրուար 7-ին Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալուեցան ՀԲԸՄ Ասպետները։ Ընդունուած սովորութեան համաձայն՝ Ասպետներն ամէնամեայ այցելութիւններ կ՚ունենան Առաջնորդարան Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Յովնան Արք․ Տէրտէրեանի օրհնութիւնը ստանալու համար։

Այս անգամ ալ, շնորհակալութիւն յայտնելով Սրբազան Հօր հիւրընկալութեան համար, Ասպետները ներկայացուցին նախորդ տարին իրենց իրականացուցած ծրագրերը եւ յառաջիկայի նպատակները։

Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց Ասպետներու երկարամեայ եւ ազգաշահ գործունէութիւնը եւ նորանոր ձեռքբերումներ մաղթեց անոնց։ Ապա Սրբազան Հայրը նոյնպէս ներկայացուց Թեմի ընթացիկ հսկայածաւալ աշխատանքներն ու ծրագրերը՝ ներառելով եկեղեցաշինական, դպրոցաշինական, ազգային կառոյցներու հաստատման, մշակութային, կրթական, հոգեւորականներու պատրաստման, երիտասարդաց, տիկնանց եւ բազմապիսի այլ ոլորտներու առնչուող ծրագրեր։

Թէեւ Ասպետները վաղուց կը համագործակցին Առաջնորդրանի հետ եւ փոքրիշատէ ծանօթ են իրականացուող ծրագրերուն, սակայն, անձամբ Սրբազան Հօրմէն տեղեկանալով կատարուող բազմաբովանդակ աշխատանքներուն, չափազանց տպաւորուեցան եւ ցանկութիւն յայտնեցին մասնակցելու Թեմի տարբեր ծրագրերու։

Սիրով ընդունելով Ասպետներու խնդրանքը՝ Սրբազան Հայրը համագործակցութեան տարբեր առաջարկներ ներկայացուց, որոնք՝ ուրախութեամբ ընդունուեցան։

Վերջաւորութեան Ասպետներն իրենց խորին երախտագիտութիւնը յայտնեցին Սրբազան Հօր` հայրական խնամքի եւ հոգատարութեան համար։