Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած հայերու վերադարձը Լեռնային Ղարաբաղ կը քննարկուի, այդ շարքին՝ միջազգային հարթակներու վրայ, սակայն այսօրուան դրութեամբ այդ վերադարձն իրատեսական չէ։ Այս մասին նոյեմբեր 24-ին ուղիղ եթերին յայտարարած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։
Ան նշած է, որ սեպտեմբեր 19-էն ետք ստեղծուած իրավիճակը, որ ստիպեց հայերուն լքել Լեռնային Ղարաբաղը, ինչպէս նաև էթնիք զտումներու քաղաքականութիւնը չեն փոխուած։ Անոր խօսքով, եթէ այդ մարդոց վերադարձն այսօր իրատեսական ըլլար, անոնք չէին լքեր Լեռնային Ղարաբաղը. «Եթէ Լեռնային Ղարաբաղից բռնի տեղահանուած հայերը հնարաւորութիւն չունենան վերադառնալու իրենց տները, ապա մենք ամէն ինչ անելու ենք, որ նրանք մնան Հայաստանում եւ չարտագաղթեն մեր երկրից»,- ընդգծած է Փաշինեանը։
Ան յիշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանումէն ետք Հայաստանէն ղարաբաղցի հայերու շատ մեծ արտահոսք նկատուած է, սակայն յետոյ յետհոսք արձանագրուած է։ Միաժամանակ, կառավարութեան ղեկավարը գոհունակութեամբ նշած է, որ այսօր ղարաբաղցիներու շրջանին մէջ արտագաղթի էական միտումներ չկան։
Նիկոլ Փաշինեանը յոյս յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայերը շուտով կը դիմեն ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալու համար եւ լիովին կը համարկուին երկրի կեանքին, եթէ չունենան առարկայական հնարաւորութիւններ եւ ցանկութիւն՝ վերադառնալու Լեռնային Ղարաբաղ։