image

«Հայոց Ցեղասպանութիւնը գերմանական զէնքով» Վոլֆկանկ Լանտկրեպեր

«Հայոց Ցեղասպանութիւնը գերմանական զէնքով» Վոլֆկանկ Լանտկրեպեր

 Հեղինակի մասին.-

         Վոլֆկանկ Լանտկրեպեր որպէս ARD-ի MONITOR եւ PANORAMA  քաղաքական հեռուստածրագրերու խմբագիր, 1970 թ-ի վերջերէն մինչեւ 1990-ական թուականները եղած է Գերմանիոյ հանրային հեռուստաընկերութիւններու ամենահեղինակաւոր հետազոտող լրագրողներէն մէկը։ 1979-էն սկսեալ ան որպէս հեղինակ արտադրած է 30 փաստավաւերագրական հաղորդումներ եւ լրագրութիւններ, որոնք ազգային եւ միջազգային ֆիլմերու եւ հեռուստատեսային փառատօներուն բազմաթիւ մրցանակներ շահած են։ Անոնց բնորոշ գիծը եղած է Գերմանիայի Դաշնային Հանրապետութեան ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, անոր ներկայացուցիչներուն եւ պատմութեան ներկայանալ քննադատական տեսանկիւնէն։

         «Ռազմամոլութիւն» եւ «Զէնքերու արտահանում» նիւթերը եղած են իր յատուկ ուսումնասիրութիւններու ոլորտը։ 2001-էն մինչեւ 2012 թուականը ան եղած է WDR հեռոստաընկերութեան մշակոյթ, պատմութիւն եւ գիտութիւն հաղորդաշարի ղեկավարը։ 2013-էն ի վեր ան կը գործէ որպէս ազատ բեմադրիչ եւ գիտական թեկնածու Միւնիխի մէջ։ Ստորեւ թարգմանաբար կը ներկայացնենք յարգելի Վոլֆկանկ Լանտկրեպերի ուսումնասիրութիւն-հետազօտութիւնը առանց մեկնաբանութիւններու։

         Համառօտ ակնարկ.-

         1915թ. աւելի քան 1.5 միլիոն հայերու նկատմամբ համակարգուած ցեղասպանութեան գրեթէ բոլոր գործողութիւններուն մէջ թուրքական կանոնաւոր զօրքերը եւ «ժանտարմերիան» մասնակից եղած են։ Սպանդի առանձին գործողութիւններուն աշխուժօրէն մասնակցած են գերմանացի սպաները, որոնք թուրք-օսմանական գլխաւոր շտապին մաս կը կազմէին։ Յարձակողները հիմնականին մէջ զինուած էին Մաուզեր տեսակի կամ կարճափող հրացաններով, սպաները ՝ Մաուզեր ատրճանակներով, որոնք արտադրուած էին Նեկարի ափին գտնուող Օպերնտորֆի Մաուզեր գործարանին մէջ։

        Էսսեն քաղաքի Քռուփ թնթանօդները նոյնպէս հարիւրներով դրուած էին գործողութեան մէջ, ինչպէս օրինակ ՝ հայերու կողմէ գրաւուած Մուսալեռի վրայ կատարուած գրոհի ժամանակ։ Արտահանուած գերմանական զէնքերը կ՚ ապահովէին  ցեղասպանութեան նիւթական հիմքերը, իսկ գերմանացի սպաները ՝ գաղափարական։ 

       Ժամանակահատուած.-

       1895-էն մինչեւ 1916թ.

       Զէնքի մատակարարում.- Պետութեան կողմէ կազմակերպուած եւ թուրք զինուորներու եւ ժանտարմերիայի կողմէ իրականացուած հայերու սպանդը ընթացած է գերմանական բարձրագոյն կառավարական շրջանակներու իրազեկութեամբ եւ համաձայնութեամբ։ Գերմանիայի սպաները կը ծառայէին թուրքական գլխաւոր շտապին մէջ եւ հրամանատարական պաշտօններ կ՚ ըզբաղեցնէին թուրքական գունդերուն, զօրամասերուն եւ բանակներուն մէջ, որոնք հիմնականին մէջ սպառազինուած էին Օպերնտորֆի Մաուզեր գործարանի զինագործներու արտադրած զէնքերով եւ կարճափող հրացաններով, ինչպէս նաեւ Էսսենի Քռուփ ընկերութեան արտադրած թնդանօթներով։

       1887թ. Փետրուարին Օսմանեան կայսրութեան ռազմական նախարարութիւնը եւ գերմանական ընկերակցութիւնը, որ բաղկացած էր Մաուզեր (Mauser) եւ Լուտվիկ Լովէ եւ ընկերներ (Ludwig Loewe und Co KG), կ՚ ըստորագրեն պայմանագիր մը, ըստ որու պէտք է մատակարարուէր M/87 տեսակի 500.000 հրացան եւ միեւնոյն տեսակի 50.000 կարճափող հրացան։ Այդ թուաքանակով զինատեսակն ու կարճափող հրացանները թուրքերուն տրամադրուեցաւ մինչեւ 1893թ.ի վերջը։

       Նոյն թուականին մէկ այլ յանձնարարական ալ տրուեցաւ, տրամադրել M/93 տեսակի 200.000 կարճափող հրացաններ, որոնց պահունակը կը պարունակէր 10 փամփուշտ։ Այդ կարճափող հրացանները մատակարարուեցան մինչեւ 1896-ի վերջը։

        1903-ին կը հետեւի երրորդ մեծ պատուէրը, որ կը կազմէր M/1903 ամենաարդիական տեսակի եւս 200.000 հրացաններ։ Օսմանեան բանակի զինւորներու եւ կիսառազմական ժանտարմերիայի երկու երրորդէն աւելի զինուած էին Մաուզեր զէնքով։ Գերմանիայէն բերուած թնթանօդները նոյնպէս Օսմանեան բանակին մէջ խիստ պահանջարկ ունէին։ Էսսենի Քռուփ ընկերութեան 1861-1912 ժամանակաշրջանին յաջողուած է մրցակցութեան դաշտէն հեռացնել ֆրանսական, բրիտանական եւ ամերիկեան բոլոր մրցակիցներուն։ Քռուփը օգտուելով Ուիլհելմ Երկրորդի եւ Սուլթանի պալատի հետ ունեցած իր լաւ կապերէն, կ՚ ըստանայ  226 միլիոն ռայխսմարքի պատւէր, որով կը կազմակերպէ դաշտային թնդանօթներ եւ հրետանային զէնքի արտադրութիւնը։

       Թուրքական պետութեան կողմէ Քռուփի թնդանօթները օգտագործուած են ինչպէս Պալքանեան պատերազմի ժամանակ, ռուս-թուրքական պատերազմին եւ Ա. Համաշխարհային պատերազմին, այնպէս ալ հարիւրներով գործածուած են ինքնապաշտպանուող հայ ազատամարտիկներու դէմ։

       1885-էն մինչեւ 1912թ. Քռուփ Օսմանեան կայսրութեան ուղարկած է հարիւրաւոր L20, 24, 27 նաեւ 7.5 եւ 8.7 սմ տրամաչափով L30 եւ L50 տեսակի դաշտային թնդանօթներ, առափնեայ մարտական գործողութիւններու համար 24 եւ 35 սմ տրամաչափով L35 եւ KL35 տեսակի եւ 12 եւ 21 սմ տրամաչափով L6.3  L6.4 տեսակի հրասանդներ։ Ասոր կ՚ աւելնան ռազմական նաւերու զրահապատումը։

       Մարդկային իրաւունքի խախտումներ.-

       Գնդակահարման, կախաղանի ու գլխատման միջոցով կազմակերպուած սպանութիւն, ինչպէս նաեւ սովամահ  ընելու եւ ջրազրկելու ճանապարհով ու մահուան վտանգի առջեւ կանգնողներուն մարդասիրական օգնութեան տրամադրման մերժում։ Այսպիսի համակարգուած ցեղասպանութիւն, ինչպիսին հայերունն էր, որ հրամայուած էր սուլթանի ամենաբարձր վարչական ղեկավարութեան կողմէ եւ որ իրականացուեցաւ կամ հանդուրժուեցաւ բանակի հրամանատարներու եւ ժանտարմերիայի կողմէ, քաղաքակիրթ մարդկութեան պատմութեան մէջ այդպիսի ծաւալով դեռ չէր պատահած։

        Յանցագործներ.-

        Գերմանական կողմի.- Բրուսիայի Ուիլհելմ Երկրորդ կայսր, կայսրութեան կառավարիչ Թհեոպալտ Ֆոն Պեթհման Հոլվեկ, գեներալ ֆելդմարշալ Ֆրայհեր Քոլմար Ֆոն Դեր Կոլց, որ 1883 թուականէն Օսմանեան պալատին մէջ ռազմական խորհրդական էր եւ Երիտթուրքերու կողմէ հայ ժողովուրդի նկատմամբ իրականացուած ցեղասպանութեան մէջ ան հիմնական մեղսակից է, Մաուզեր Փաուլ ՝ գերմանական զէնքի նախագծող եւ քաղաքական գործիչ։

        Թուրքական կողմի հանցագործներ.- Սուլթան Ապտուլ Համիտ երկրորդ, Սուլթան Մեհմետ հինգերորդ, պատերազմական նախարար Էնվեր փաշա, ներքին գործերի նախարար եւ ժանտարմերիայի ղեկավար Թալաթ փաշա։ 

        Զոհեր.-

        Մօտ 1.5 միլիոն մարդիկ կը մահանան հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ, հայ եւ միւս քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններէն 1895-1916 ժամանակահատուածին։

 

 

Համադրեց՝ Գէորգ Հալէպլեան