image

Ռումանահայոց «Հայոց Միութիւնը» ներկայացուած պիտի ըլլայ երկրի խորհրդարանին մէջ

Ռումանահայոց «Հայոց Միութիւնը» ներկայացուած պիտի ըլլայ երկրի խորհրդարանին մէջ

Ռումանիոյ մէջ 1 դեկտեմբեր, 2024-ին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն Ռումանիոյ Հայոց Միութիւնը (ՌՀՄ), ըստ նախնական արդիւնքներուն, ստացած է 4,748 քուէ եւ յաղթահարած ազգային փոքրամասնութիւնները ներկայացնող կազմակերպութիւններու համար օրէնքով նախատեսուած ընտրական շեմը։ 

Ընտրութիւններու արդիւնքով նորընտիր խորհրդարանին մէջ ՌՀՄ-ն կ'ունենայ մէկ մանտաթ, որ կը տրուի ցուցակը գլխաւորող Վարուժան Փամբուկչեանին։ Վերջինս ՌՀՄ-ի փոխ նախագահն է, կազմակերպութեան անփոփոխ պատգամաւորն է 1996 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ի վեր եւ արդէն ութերորդ անգամ կը ներկայացնէ ռումանահայ համայնքը երկրի խորհրդարանին մէջ։ 

Յատկանշական է, որ քուէներու զգալի մասը ՌՀՄ ստացած է ոչ հայերու կողմէ. չնայած համայնքը բազմադարեայ պատմութիւն ունի, հայկական ինքնութիւն կրող հայերու թիւը բաւական փոքր է, իսկ Փամբուկչեան, բացի համայնքին վերաբերող հարցերէն, կը շարունակէ զբաղիլ շարք մը կարեւոր օրէնսդրական նախաձեռնութիւններով, որու հետեւանքով նախորդ ընտրութիւններուն ՌՀՄ բազմաթիւ քուէներ ստացած է բարձրագոյն ճարտարագիտութեան (IT), իսկ այս ընտրութիւններուն՝ գիւղատնտեսական ոլորտներու ներկայացուցիչներու կողմէ։

Ռումանիոյ Հայոց Միութեան քուէարկած են Ռումանիոյ բոլոր մարզերուն մէջ։ Ամենաշատ քուէները ՌՀՄ ստացած է հետեւեալ մարզերուն մէջ. Պաքըու (419), մայրաքաղաք Պուքրեշ (398), Քոնսթանցա (189), Թիմիշ (180), Հարկիթա (174), Մարամուրէշ (172), Սուչաւա (162)։

Ինչ կը վերաբերի ռումանական քաղաքական ուժերուն, ըստ ընտրութիւններու նախնական արդիւնքներուն՝ որեւէ քաղաքական ուժ չէ յաջողած ստանալ քուէներու նոյնիսկ 25 տոկոսը, որու հետեւանքով Խորհրդարանի երկու պալատներ կ'անցնին եօթ քաղաքական ուժեր։  

Վարուժան Փամբուկչեան 1996 թուականէն ի վեր կը գլխաւորէ Ազգային փոքրամասնութիւններու խորհրդարանական խմբակցութիւնը, ինչ որ աննախադէպ երեւոյթ է Ռումանիոյ խորհրդարանական պատմութեան մէջ։ Աւանդաբար, ան կամ կը գլխաւորէ Խորհրդարանի Ռումանիա-Հայաստան բարեկամական խումբը, կամ կ'անդամակցի անոր։