Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Էրտողանը յուլիս 28-ին սպառնացած է Իսրայէլը ռազմական ներխուժմամբ։ «Ինչպէս մտանք Ղարաբաղ եւ Լիպիա, նոյնը կ՚ընենք անոնց հետ»,-ըսած է Թուրքիոյ ղեկավարը։ Խօսքը երկու հակամարտութիւններու մասին է, որոնց Թուրքիան ռազմական միջամտութիւն կատարած է։
Bild-ի հաղորդմամբ՝ Լեռնային Ղարաբաղի համար պատերազմին Անգարան Ատրպէյճանին աջակցած է անօդաչու սարքերով, զինամթերքով եւ ռազմական հրահանգիչներով։ Լիպիոյ մէջ թուրք զինուորներն անցած են միջազգայնօրէն ճանչցուած կառավարութեան կողմը՝ ընդդէմ զօրավար Հաֆթարի զօրքերու։
Թուրքիան ունի մեծ եւ ժամանակակից սարքաւորումներով զինուած բանակ, որու թուաքանակը կը կազմէ ընդամէնը 450 հազար զինուոր։ Թրքական բանակը կը գործէ հարեւան Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ, ուր քանի մը ռազմակայաններ ունի։ Քանի մը տասնեակ հազար թուրք զինուորներ նոյնպէս տեղակայուած են Կիպրոսի բռնագրաւուած հիւսիսային հատուածին մէջ։
Թուրքիոյ փորձագէտ Էրեն Կուվերչինը նշած է, որ Էրտողանը դժուար թէ կարողանայ իրական ռազմական գործողութիւններու անցնիլ։
«Էրտողան միտումնաւոր կրակի հետ կը խաղայ։ Ան մէկ կողմէ կ՚ուզէ երկրին մէջ ուժեղ մարդու պատկեր ստեղծել, միւս կողմէ՝ որպէս այսպէս կոչուած իսլամական աշխարհի առաջնորդ»,- կը կարծէ Կուվերչինը։
Ժողովրդավարութիւններու պաշտպանութեան ամերիկեան հիմնադրամի ռազմական փորձագէտ Սեթ Ֆրանցմանը կը կարծէ, որ Էրտողան կ՚օգտագործէ իր սպառնալիքները ներքաղաքական նպատակներով՝ մկանները ձգելու համար։
«Սակայն ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիան պէտք չէ սպառնայ Իսրայէլը ռազմական գործողութիւններով՝ նոյնիսկ եթէ այդ պարծենալու հարց է։ Ուղղակի ռազմական մագլցումը քիչ հաւանական է. արեւմտեան երկիրները կը համոզեն Անգարան չձեռնարկել Իսրայէլի դէմ ռազմական գործողութիւններ: Սակայն, հաշուի առնելով Թուրքիոյ պատրաստակամութիւնը՝ ընդլայնելու իր ռազմական նուաճումները Ափրիկէի եւ Մերձաւոր Արեւելքի որոշ հատուածներու մէջ, անոր սպառնալիքներուն միշտ պէտք լուրջ վերաբերիլ», -ըսած է Ֆրանցմանը: