image

Աթէնք. Առաջնորդ Սրբազան Խորէն եպս. Առաքելեան մասնակցեցաւ Յունաստանի ազգային տօնին

Աթէնք. Առաջնորդ Սրբազան Խորէն եպս. Առաքելեան մասնակցեցաւ Յունաստանի ազգային տօնին

Յունաստանի անկախութեան տօնին առիթով, Աթէնքը դարձեալ վերածուած էր ազգային յիշողութեան եւ հպարտութեան ապրող բեմի։ Մայրաքաղաքի սրտին մէջ՝ Յունաց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ մայր տաճարին մէջ մատուցուած գոհաբանական աղօթքը եւ յաջորդած հանդիսաւոր զինուորական շքերթը մէկտեղեցին պետական, դիւանագիտական եւ հոգեւոր ներկայութիւններ՝ արժեւորելու ազատութեան համար մղուած պատմական պայքարը։

Պաշտօնական բարձրաստիճան հիւրերու, դեսպաններու եւ ներկայացուցիչներու կողքին այս կարեւոր առիթին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Յունահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն եպս. Առաքելեանը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Տիգրան Մկրտչեանը եւ այս մասնակցութիւնը  ընկալուեցաւ, որպէս հայ եւ յոյն բարեկամ ժողովուրդներու կապերու կենդանի վկայութիւն։

Ստորեւ Գերշ. Տ. Խորէն եպս. Առաքելեանի գրառումը այդ առթիւ ՝ 

Յունաստանի անկախութեան տօնին առիթով, ներկայ գտնուեցայ Աթէնքի ՅունաՑ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ մայր տաճարին մէջ մատուցուած գոհաբանական աղօթքին։ Աղօթքէն ետք մասնակցեցայ նաեւ մայրաքաղաքին մէջ կազմակերպուած հանդիսաւոր զինուորական շքերթին։ Միջոցառումներուն ներկայ էին Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահը, վարչապետը, ինչպէս նաեւ տարբեր երկիրներու դեսպաններ եւ պետական ու դիւանագիտական բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ։ Ներկայ էր նաեւ Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Մկրտչեան։ Օրը անցաւ խորապէս խորհրդանշական եւ հանդիսաւոր մթնոլորտի մէջ՝ եւս մէկ անգամ վկայելով յուն ժողովուրդին ազատասիրական ոգին, պատմական յիշողութիւնը եւ հաւատքի անսասան զօրութիւնը։