image

Աթէնք. Տ. Խորէն եպս. Առաքելեան ընդունեց Յունաստանի նախարարութեան մամուլի ներկայացուցիչը

Աթէնք. Տ. Խորէն եպս. Առաքելեան ընդունեց Յունաստանի նախարարութեան մամուլի ներկայացուցիչը

Օրերս Յունաստանի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն եպս. Առաքելեան առաջնորդարանին մէջ ընդունած է Յունաստանի Հանրապետութեան Ազգային տնտեսութեան եւ ֆինանսներու նախարարութեան մամուլի ներկայացուցիչ Օմիրոս Ցապալոսը։

Ստորեւ այդ մասին Առաջնորդ Սրբազան հօր էջին երեւցած գրառումը՝ 

Այսօր առաջնորդարանին մէջ ընդունեցի Յունաստանի Հանրապետութեան Ազգային տնտեսութեան եւ ֆինանսներու նախարարութեան մամուլի ներկայացուցիչ Օմիրոս Ցապալոսը։

Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Յունահայոց թեմական խորհուրդի գանձապահ Վարդան Մինասեանն ու Յունաստանի մէջ Սփիւռքի յանձնակատար Միսակ Յովսէփեան։

Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ համայնքային կեանքի կազմակերպման, եկեղեցի-պետութիւն համագործակցութեան կարելիութիւններուն, ինչպէս նաեւ Յունաստանի մէջ հայկական համայնքին առջեւ ծառացած ներկայ խնդիրներուն եւ անոնց լուծման ուղիներուն։

Կողմերը կարեւորեցին փոխգործակցութեան շարունակականութիւնը եւ փոխադարձ պատրաստակամութիւն յայտնեցին աջակցելու համատեղ նախաձեռնութիւններու իրագործման։

Հանդիպումը անցաւ կառուցողական եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ։