image

Հայրապետական Մաղթանք՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Գահակալութեան 27-րդ տարեդարձին առթիւ

   Հայրապետական Մաղթանք՝ Արամ Ա.  Կաթողիկոսի Գահակալութեան 27-րդ տարեդարձին առթիւ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դիմատետրի  պաշտօնական էջէն կը կարդանք՝

 

Հայրապետական Մաղթանք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Գահակալութեան եւ Օծման 27-րդ Տարեդարձին Առիթով

Կիրակի, 26 Յունիս 2022-ին, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Թեմի եկեղեցիներէն ներս,  Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Գահակալութեան եւ Օծման 27-րդ տարեդարձը:

Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Հայրապետական Մաղթանքի արարողութիւնը  նախագահեց  եւ օրուան պատգամը փոխանցեց  թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Եպս.  Սարգիսեանը, որ ներկայացուց անցնող 27 տարիներու ընթացքին Նորին Սրբութեան  եկեղեցական, ազգային, մշակութային, մտաւորական, հրատարակչական, միջազգային, միջեկեղեցական, միջկրօնական, հայ դատի եւ այլ մարզերէն ներս արձանագրած նուաճումները ու վերելքը, որ ինքնին պերճախօս վկայութիւն մըն է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ծառայութեան ու նուիրական առաքելութեան, սփիւռքահայ կեանքէն ներս: 

Սրբազան հայրը անցնող 27 տարիներու  Նորին Վեհութեան գահակալութիւնը նմանեցուց Սահակ Կաթողիկոսի  տարագրուած տառապանքին, Բաբգէն Կաթողիկոսի մտաւորականութեան, Պետրոս Կաթողիկոսի շինարար գործունէութեան, Գարեգին Յովսէփեանց Կաթողիկոսի խիզախութեան ու քաջութեան, Զարեհ Կաթողիկոսի բարեսրտութեան, Խորէն Կաթողիկոսի իմաստութեան եւ վարչական խոհեմութեան եւ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի միջեկեղեցական յարաբերութեան, որոնց ամբողջացումը 1995 թուականին հայրապետական գահ բարձրացած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի անձի կարողութիւններով կ'ամբողջացուի:

Աւարտին, Սրբազան հայրը յանուն թեմի Ազգային Իշխանութեան,  Հոգեւոր Դասուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին, աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ երկար եւ առողջ տարիներ շնորհէ Վեհափառ Հայրապետին, մատնանշելով, որ բախտաւոր սերունդ ենք տեսնելով, ապրելով եւ վկայելով ժամանակակից պատմութեան ազգընտիր Հայրապետին առաջնորդութիւնը:

Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի