image

Հայկազեան համալսարան. Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցի հանդիսաւոր ոգեկոչում (Լուսանկարներ)

Հայկազեան համալսարան. Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցի հանդիսաւոր ոգեկոչում (Լուսանկարներ)

Հայկազեան համալսարանը, Սփիւռքի միակ հայկական բարձրագոյն կրթական հաստատութիւնը, լոկ կրթական հաստատութիւն մը չէ, այլ հայ ազգային արժէքներու ու աւանդոյթներու ջահակիր: Այն իր ուսանողներուն կը ջամբէ ուսեալ ու զարգացած մարդ ըլլալու կողքին ըլլալ նաեւ գիտակից ու պահանջատէր հայ: 

Երեքշաբթի, 23 ապրիլ, 2024-ին, Հայկազեան համալսարանը ոգեկոչած է Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցը: Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ համալսարանի դիմատետրեան  էջէն:

Ոգեկոչումի ձեռնարկը կազմակերպած է համալսարանի Ժառանգութեան ակումբը, հիւր բանախօսն էր արուեստի եւ գիտութիւններու նախկին դեկան եւ ներկայիս համալսարանին Միջմշակութային ուսումնասիրութիւններու փրոֆեսոր դոկտոր Արտա Էքմէքճի:

Աւանդոյթի համաձայն՝ այս միջոցառումի սկիզբին, ուսանողները, համալսարանի անձնակազմը եւ համալսարանի ընկերները քալած են Մուկար պարտէզի միջանցքով, տեղադրած ծաղիկներ «Անմոռուկ ծաղիկի յուշարձան»ին տակ, ապա մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգանք մատուցած Ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն նահատակներուն:

Ակումբի ատենապետ Աւետիս Ապաքելեանի բացման խօսքէն ետք, ներկաներուն ներկայացուած է շատ ազդեցիկ մշակութային յայտագիր: Ալեակ Մոմճեան ասմունքած է Պարոյր Սեւակի «Եռաձայն Պատարագ» բանաստեղծութիւնը. Արման Տէր Պետրոսեան երգած «Ատանայի Կոտորածը» նուագակցութեամբ՝ սրինգի վրայ Յասմիկ Այնթապլեանի եւ կիթառով՝ Ալեքս Տապպաղեանի: Իսկ Լորի Կիւլիւմեան երգած է «Ապրելու Ապրիլ» երգը:

Ձեռնարկի աւարտին դոկտ. Արտա Էքմէքճի իր խորաթափանց ելոյթով փոխանցած է օրուան խորհուրդը: Ան բացի Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող պատմական փաստերը նշելէն, անդրադարձած է նաեւ հերքուած ցեղասպանութիւններուն, կրկնուող ցեղասպանութիւններուն, միջազգային հասարակական կարծիքին եւ մարդկային իրաւանց խնդիրին: Էքմէքճի նաեւ ներկայացուցած է ցեղասպանութենէն վերապրած իր մեծ հօր՝ Յակոբ Արսէնեանի յուշերէն մաս մը իր կազմած եւ ծանօթագրած «Դէպի Գողգոթա» գիրքէն, որ հրատարակուած է Հայկազեան համալսարանի մամլոյ կողմէ: