Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի մէջ նախատեսուած է ներկայացնել օրինագիծ՝ պատժամիջոցներ սահմանելու վրացի այն քաղաքական գործիչներու նկատմամբ, որոնք պատասխանատու են «Օտարերկրեայ ազդեցութեան թափանցիկութեան մասին» օրէնքի ընդունման համար։ Այդ մասին յայտնած է Politico թերթը՝ յղում ընելով իր տրամադրութեան տակ գտնուող փաստաթուղթի նախագիծին։
Ըստ պարբերականի՝ օրինագիծը կը նախատեսէ ամերիկեան պատժամիջոցներու կիրառում վրացի այն պաշտօնեաներու եւ միւս անձանց դէմ, որոնք «նիւթական պատասխանատւութիւն կը կրեն Վրաստանի ժողովրդավարութիւնը, մարդու իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը վնասելու համար»։ Մասնաւորապէս, կը նախատեսուի սառեցնել աւանդները եւ մուտքի արտօնագրի արգելք սահմանել «Օտարերկրեայ ազդեցութեան թափանցիկութեան մասին» օրէնքի ընդունման համար պատասխանատու քաղաքական գործիչներու, ինչպէս նաեւ անոնց ընտանիքներու անդամներու համար։ Բացի այդ, սահմանափակումներ պիտի ուղղուին Վրաստանի իրաւապահ մարմիններու դէմ, որոնք մասնակցած են օրէնքին դէմ արտայայտուող ցուցարարներու ցրման:
Politico-ն, վկայակոչելով անանուն աղբիւրը, նշած է, որ քոնկրեսական Ճօ Ուիլսըն՝ Հարաւային Քարոլինայէն, օրինագիծը ներկայացուցած է 20 մայիսին։
Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Ճէյմս Օ'Պրայընը մայիս 14-ին ըսած էր, որ Միացեալ Նահանգները անհատական պատժամիջոցներ պիտի սահմանէ Վրաստանի ղեկավարութեան նկատմամբ, եթէ երկրին մէջ ժողովրդավարութիւնը խարխլուի։