Երեւանը պիտի ունենայ նոր Գլխաւոր յատակագիծ։ Այս մասին յայտարարուած է մայիս 20-ին, Երեւանի քաղաքապետարանի հերթական գործակարգավարական խորհրդակցութեան ժամանակ:
Նշուած է, որ այն պիտի ըլլայ թուայնացուած փաստաթուղթ, որ պիտի ապահովէ մայրաքաղաքի համաչափ ու յարաճուն զարգացումը:
Զեկուցուած է, որ նիւթերը հաւաքելու եւ նախագծային լուծումները մշակելու գործընթացները կ՚ընթանան բնականոն հունով: