Օրերս Քեսապ հայկական աւանին մէջ տեղի ունեցած է երիտասարդաց համագումար մը, հովանաւորութեամբ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար արք. Աշքարեանի։
Այդ մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Քեսապի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝
Հովանաւորութեամբ` Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Կազմակերպութեամբ` Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ` Հոգշ. Տէր Եսայի Վրդ. Էօրտէքեանի, Երեքշաբթի 14 Մայիս 2024- ին տեղի ունեցաւ Երիտասարդական Միօրեայ Համագումար, Ս.Օ.Խ.-ի Կազդուրման Կայանէն ներս, ներկայութեամբ աւելի քան 35 երիտասարդ- երիտասարդուհիներու։
Առօրեան սկիզբ առաւ աղօթքով, որմէ ետք տեղի ունեցաւ նախաճաշի հիւրասիրութիւն։
Հուսկ, յաջորդաբար ներկայացուեցան դասախօսութիւններ՝ Հալէպէն Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան, նիւթ ունենալով` << Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Անհրաժեշտութիւնը>> խորագրով եւ Քեսապէն՝ Պատուէլի Շանթ Ակիշեան, նիւթ ունենալով՝ «Գանգատ, Գործ եւ Գոհունակութիւն» խորագրով։
Դասախօսութիւններէն ետք տեղի ունեցաւ ճաշի հիւրասիրութիւն, որուն յաջորդեց խաղերու շարք մը, որոնք մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին մասնակիցներուն։ Ապա երիտասարդ-երիտասարդուհիները միասնաբար պատրաստեցին ընթրիքի հիւրասիրութիւն։