image

Լիբանանի մէջ. ՀՄԸՄ-ի սկաուտական խորհուրդներու համագումար (Լուսանկարներ)

Լիբանանի մէջ. ՀՄԸՄ-ի սկաուտական խորհուրդներու համագումար (Լուսանկարներ)

Օրերս, ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի սկաուտական խորհուրդներու միջմասնաճիւղային սեմինար, կազմակերպութեամբ՝ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Սկաուտական խորհուրդին։

Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ, Պէյրութի «Ազդակ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Սկաուտական խորհուրդին, կիրակի, 28 ապրիլ 2024-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի սկաուտական խորհուրդներու միջմասնաճիւղային սեմինար:

Սոյն սեմինարին իրենց մասնակցութիւնը բերին Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Անթիլիասի եւ Ժտէյտի մասնաճիւղերու սկաուտական խորհուրդներու անդամները, որոնք մօտէն ծանօթացան իրարու եւ, այսպէս, մտերմիկ մթնոլորտ մը անցուցին միասին` զրուցելով ներկայ դժուարութիւններուն մասին եւ առաջարկներ ընելով անոնց լուծումներուն մասին:

Սեմինարին հիւր դասախօսներն էին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Թալին Օրտողլեան եւ Շրջանային նախկին խմբապետուհի Ռուպինա Խայեաթ, որոնք իրենց դասախօսութեան ընդմէջէն ներկայացուցին սկաուտական խորհուրդներուն իրաւասութիւններն ու պարտաւորութիւնները` ՀՄԸՄ-ի ներքին ծրագիր-կանոնագիրի համաձայն: