image
Հրատապ լուրեր:

«Այդ մենք չէինք». իսրայէլացի պաշտօնեան՝ Իրանի մէջ նախագահի ուղղաթիռի կnրծանման մասին

«Այդ մենք չէինք». իսրայէլացի պաշտօնեան՝ Իրանի մէջ նախագահի ուղղաթիռի կnրծանման մասին

Իսրայէլը կապ չունի ուղղաթիռի կործանման հետ, որու հետեւանքով զոհուած են Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին եւ երկրի արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեանը։

Այս մասին յայտնած է Reuters գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով իսրայէլացի անանուն պաշտօնեայի։

«Այդ մենք չէինք»,- մէջբերած է գործակալութիւնը անոր խօսքը։

Իրանի իշխանութեան բոլոր ճիւղերու ղեկավարները յայտնած են, որ պատրաստ են գործակցելու առաջին փոխնախագահ Մոհամատ Մոհպերի հետ՝ նախագահի պաշտօնակատարի պարտականութիւնները կատարելու համար:

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ յայտարարած է, որ նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի եւ արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի մահը չի խանգարեր իրանցի դիւանագէտներուն միջազգային ասպարէզին մէջ պաշտպանելու երկրի շահերը։