Ըստ մասնագէտներու նախագահի ուղղաթիռը անյետացած էր թռիչքէն ճիշդ կէս ժամ անց եւ երկարատեւ որոնումներէ ետք (որուն մասնակից դարձած էին նախ իրանեան ԱԻՆ խումբեր եւ ապա Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ կողմէ շրջան հասած փրկարարական խմբակներ) յայտնաբերուած էր այս առաւօտ, ու անոր մէջ ոչ մէկ կեանքի հետք էր մնացած։
Իրանի նախագահի կողքին զոհուած էին այլ անձեր, որոնց մէջ երկրի արտաքին գործոց նախարար՝ Ապտուլլահեան, ճանապարհային ցանցերու նախարարն ու Թաւրիզի նահանգապետը։
Երկար ժամերու որոնումներէ ետք այս առաւօտ կանուխ յայտնաբերուեցաւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին փոխադրող ուղղաթիռը։
Կը նշուի, որ ուղղաթիռը ջախջախուած էր եւ անոր մէջ հրդեհ բռնկած։
Երկար ժամերով անյայտ մնացած եւ զննող ռատարներու ուղեծիրէն հեռու մնացած ուղղաթիռը ըստ իրանեան աղբիւրներու ինկած էր բնութենական ծանր պայմաններու, մէգի եւ մառախուղի հետեւանքով։
Յիշեցնենք, որ նախագահ Ռայիսին աշխատանքային կարճ այցով մեկնած էր Իրան-Ատրպէյճան սահման, ուր ներկայ եղած էր Ատրպէյճանի հետ միացեալ ճիգերով ջրամբարի մը կառուցման հիմնարկէքի արարողութեան։
Հանդիպման ներկայ եղած էր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, իսկ կարճ հանդիպումէն ետք նախագահը ուղղուած էր դէպի Թաւրիզ։