image

Հայկական զօրքերը ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ կրակ չեն բացած

Հայկական զօրքերը ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ կրակ չեն բացած

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը, թէ իբր Մայիս 20-ի երեկոյեան ՀՀ Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները գնդակոծած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած ատրպէյճանական մարտական դիրքերը` ապատեղեկատուութիւն է: 

Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

«Իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին յարաբերականօրէն կայուն է եւ գտնւում է ՀՀ Զու ստորաբաժանումների լիարժէք վերահսկողութեան տակ», կը յայտնէ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը: