image

Հայկական ուժերու հիմնական խնդիրը օդային անվտանգութեան բացակայութիւնն էր. Արաբ վերլուծաբան

Հայկական ուժերու հիմնական խնդիրը օդային անվտանգութեան բացակայութիւնն էր. Արաբ վերլուծաբան

Ըստ արաբ վերլուծաբանին հայկական կորուստներու հիմնական պատճառը ատրպէյճանական բանակի կողմէ օդային ռազմավարութեան օգտագործումն էր, որ կաթուածահար ըրաւ հայկական ռազմական կարողութիւնները եւ ոչնչացուց տարածաշրջանի հակաօդային պաշտպանութիւնը:

«Ալ Մայատին» կայանի վերլուծաբան Մոհամմատ Մանսուր, ծաւալուն յօդուածով մը փորձած է ներկայացնել Ղարաբաղի վերջին պատերազմին ընթացքին տեղի ունեցած զարգացումները նկատել տալով,  որ  շատ կարեւոր է, որ հայկական կողմը  դասեր քաղէ այս պատերազմէն։

Ան նաեւ պատմած է այն մասին, թէ ԽՍՀՄ  ղեկավարներէն Ժոզէֆ Սթալին ինչպէս կցած է Ղարաբաղը Ատրպէյճանին եւ Նախիջեւանը Հայաստանին, Սովետական քաղաքականութեամբ մը, զբաղեցնելու ազգերը իրենց ներքին ցեղային հարցերով:

Ըստ Մանսուրի «Այս հակամարտութիւնը դար մը ամբողջ երկարած է ռազմական անընդհատ բախումներով զոյգ երկիրներուն միջեւ, մանաւանդ 2008, 2010, 2016, եւ 2020 թուականներուն:

2016-ին, հայկական կողմը լաւ պատրաստուած ըլլալով կրցած էր դէմ դնել ատրպէյճանական յարձակումին: Ատրպէյճան առաջին անգամ ըլլալով օգտագործած էր իսրայէլական օդային «Հարոփ»ները, եւ յատնաբերած անոնց արդիւնաւէտութիւնը:

Ատրպէյճան միշտ ցանկալով ռազմական գերակայութիւն ունենալ շարունակած էր տարբեր տեսակի զէնքեր գնել ի մասնաւորի Իսրայէլէն: Եռակողմ համաձայնագրով Ղարաբաղի պատերազմը դադրեցուելէն ետք, բացայայտուեցաւ մասնաւորապէս Ատրպէյճանի զինուորական ամեհի պատրաստուածութիւնը անշուշտ միշտ նեցուկը ունենալով  թրքական կողմին»:

Մանսուր նաեւ յիշեցուցած է, որ, «Թուրքիան միշտ ալ Ատրպէյճանի դաշնակիցը եղած է, եւ ան առաջին երկիրն էր, որ ճանչցաւ Ատրպէյճանի անկախութիւնը, նաեւ միացաւ վերջինին, կիրառելու տնտեսական սահմանափակումներ Հայաստանին դէմ իր սահմանները փակելով: Պէտք է յիշել նաեւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի դարաւոր թշնամութիւնը, եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Անգարայի եւ Պաքուի զինուրական համագործակցութիւնը սկսած է 2000-էն, երբ Պաքու գնած է 30 միլիոն տոլարի արժողութեամբ զինատեսակ, որուն յաջորդած է 2010-ին 244 միլիոն տոլարի գործարքը:

Տնտեսական պատճառներն ալ իրենց դերը ունին Թուրքիոյ միջամտութեան մէջ, օրինակ՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի 9 միլիառ արժողութեամբ կազատար խողովակի ծրագիրը»:

Արաբ  վերլուծաբանին  կարծիքով  վերջին պատերազմին, հայկական կողմը, մեծ վնասներ կրեց պաշտպանողական համակարգի առընթեր եւ ատոր  հիմնական պատճառը, Ատրպէյճանի օգտագործած զուգահեռաբար երեք տեսակի օդուժն էր։

Մանսուր որոշ մանրամասնութիւններ տալով մասնաւորապէս կը գրէ՝ «Պատերազմի առաջին օրերուն Ատրպէյճան ուղարկած էր ԱԹՍ-ներու վերածուած հին սովետական օդանաւներ, մոլորեցնելու հակառակորդը եւ որոշելու անոր պաշտպանողական համակարգի կէտերը, ապա թիրախ դարձուցած հայկական կողմի վերահսկիչ  ռատարները թրքական՝ «պայրաքտար»ներով: Խիտ յարձակումներու ընթացքին, Ատրպէյճանի ԱԹՍ-ները նկարահանած են հայկական կողմի հրասայլներու շարասիւնները: Ճիշդ է թէ, հայկական կողմն ալ օգտագործած էր որոշ ռազմավարութիւն մոլորեցնելու թշնամին, օրինակ՝ կեղծ շարասիւններ ստեղծած, բայց եւ այնպէս հայկական հրասայլերուն ու հետեւակի ստորաբաժանումներուն վատ ու բացայայտ դիրքերը նպաստած են մեծ կորուստներու գրանցման Ատրպէյճանը ճիշդ զինատեսակներ գործածած էր իւրաքանչիւր հարուածի համար։

Այս պատերազմէն կը հետեւցնենք, թէ օդուժի գերակայութեան սկզբունքը տակաւին կը նկատուի յաղթանակի հիմնական ազդակը: Արդիականութեան շնորհիւ, կարելի է ղեկավարել օդուժը առանց մարդկային զոհեր տալու: Այս մէկը նոր մարտահրաւէրներ կ'առաջացնէ արդի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերուն համար, որոնք պէտք ունին լուրջ զարգացման խուսափելու Ղարաբաղի 2020-ի պատերազմի սենարի կրկնութենէն»։