image

Ուքրանիոյ համար ԵՄ-ի կողմէ անվտանգութեան հիմնական երաշխիքներ սահմանուած են

Ուքրանիոյ համար ԵՄ-ի կողմէ անվտանգութեան հիմնական երաշխիքներ սահմանուած են

Եւրոպացի առաջնորդները ողջունած են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ջանքերու շնորհիւ արձանագրուած զգալի առաջընթացը՝ Ուքրանիոյ մէջ արդար եւ երկարատեւ խաղաղութիւն ապահովելու ուղղութեամբ: Այս մասին նշուած է եւրոպացի առաջնորդներու համատեղ յայտարարութեան մէջ։

Յայտարարութեան տակ ստորագրած են Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիո Քոշթան, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայէնը, Դանիայի վարչապետ Մեթէ Ֆրետերիքսընը, Ֆինլանտայի նախագահ Ալեքսանտր Սթուպը, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը, Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերցը, Իտալիոյ վարչապետ Ճորճա Մելոնին, Հոլանտայի վարչապետ Տիք Շուֆը, Նորվեկիոյ վարչապետ Եոնաս Կահր Սթեորէն, Լեհաստանի վարչապետ Տոնալտ Թուսքը, Շուէտի վարչապետ Ուլֆ Քրիսթերսընը եւ Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըրը։

Անոնք նաեւ ողջունած են Ուքրանիոյ նախագահ Զելենսքիի եւ նախագահ Թրամփի խումբերու, ինչպէս նաեւ եւրոպական խումբերու միջեւ վերջին օրերու եւ շաբաթներու ընթացքին սերտ աշխատանքը: Անոնք համաձայնած են համատեղ աշխատիլ նախագահ Թրամփի եւ նախագահ Զելենսքիի հետ՝ հասնելու երկարատեւ խաղաղութեան, որ պիտի պահպանէ Ուքրանիոյ ինքնիշխանութիւնը եւ եւրոպական անվտանգութիւնը:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Միացեալ Նահանգներու եւ եւրոպացի առաջնորդները պարտաւորուած են համատեղ աշխատիլ՝ Ուքրանիոյ համար անվտանգութեան ամուր երաշխիքներ եւ տնտեսական վերականգնման աջակցութեան միջոցառումներ ապահովելու նպատակով՝ պատերազմի աւարտի մասին համաձայնագրի պարունակին մէջ։

Մասնաւորապէս, Եւրոպական Միութիւնը մտադիր է շարունակել Ուքրանիոյ տրամադրել շարունակական եւ էական աջակցութիւն իր բանակի կառուցման համար, որ խաղաղ ժամանակ պէտք է ունեանայ 800,000 բանակային անձնակազմ: Եւրոպայի գլխաւորութեամբ «Ուքրանիոյ համար բազմազգ ուժերը», որոնք ձեւաւորուած են այսպէս կոչուած «կամաւորներու դաշինք»ի շրջագիծէն ներս, պիտի նպաստեն Ուքրանիոյ զինուած ուժերու վերականգնման եւ պիտի ապահովեն անվտանգութիւնը ցամաքին վրայ եւ ծովուն մէջ: