Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերթական անգամ հանդէս եկած է իրականութեան հետ կապ չունեցող յայտարարութեամբ, որուն մէջ կը նշէ, թէ իբր Մայիս 9-ի երեկոյեան ՀՀ Զինուած ուժերբւ ստորաբաժանումները կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական մարտական դիրքերուն ուղղութեամբ:
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն կը յայտնեն, որ իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին յարաբերականօրէն կայուն է եւ կը գտնուի ՀՀ Զինուած ուժերու լիարժէք վերահսկողութեան ներքոյ: