image

Հայկական կողմը կրակ չէ բացած. ՀՀ ՊՆ

Հայկական կողմը  կրակ  չէ բացած. ՀՀ ՊՆ

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը, թէ Ապրիլ 6-ի երեկոյեան ՀՀ Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները գնդակոծած են Հայաստանի Հանրապետութեան հիւսիսարեւելեան սահմանագօտիին մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերը` չի համապատասխաներ իրականութեան: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Հայկական կողմը Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու ուղղութեամբ կրակ չէ բացած, իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին յարաբերականօրէն կայուն է եւ կը գտնուի ՀՀ Զինուած ուժերու լիարժէք վերահսկողութեան ներքոյ: