Ամբոխահաճոյ
Այս եզրը պէտք է նոր ըլլայ, քանի մեր բառարաններէն ոչ մէկուն մէջ կը գտնենք զայն: Կարելի է ըսել, որ ան մեր աչքերուն առջեւ ծնունդ առաւ վերջին քանի մը տարիներուն: Կարելի է նոյնիսկ հաւանական դայեակի անուն ալ տալ, բայց կը վարանիմ համեստութիւն վիրաւորելու:
Կը համապատասխանէ ֆրանսերէն populiste-ին:
Միւս կողմէ՝ ան յղացուեցաւ իբրեւ հականիշ ժողովրդահաճոյ-ին կամ populaire-ին:
Ուրեմն՝
---ամբոխահաճոյpopuliste
ամբոխահաճութիւնpopulisme
---ժողովրդահաճոյ, ժողովրդական populaire
ժողովրդահաճութիւն, ժողովրդականութիւնpopularisme
Ըստ այսմ՝ իրարու կը հակադրուին ամբոխ-ը եւ ժողովուրդ-ը:
Սակայն իրապէս կարելի՞ է ամբոխ-ը հակադրել ժողովուրդ-ին:
Որակական որեւէ տարբերութիւն կա՞յ այս երկուքին միջեւ, ինչպէս կ’ակնկալուէր: Կ’ակնկալէի ի՛նքս եւս:
Ակադեմիայի քառահատորը ամբոխ-ին համար կու տայ՝
1.«ժողովուրդ, բազմութիւն»:
2.«հասարակ՝ սովորական մարդկանց բազմութիւն (որպէս հակադրութիւն հերոսների, տաղանդաւոր անհատների):
Ուրեմն, ըստ Ակադեմիային, «Հին աստուածներ»-ը դիտելու եկած 500 հանդիսականները,− «սովորական մարդկանց այս բազմութիւնը» ,− կարելի է հանգիստ մտօք ամբոխ կոչել... Ընդունելի՞ է որակումը:
Ինչպէս կը նկատէք, թերի բան մը կայ այս սահհմանումին մէջ, որ չի գոհացներ մեզ այն պարզ պատճառով, որ ամբոխ-ը յստակ չէ սահմանազատուած ժողովուրդ կամ բազմութիւն հասկացութիւններէն:
Մինչդեռ բոլորովին տարբեր բնուդագրում ունէր Մալխասեանցը. «ամբոխ – ոչ գիտակից ժողովուրդի ամբողջութիւնը»,− ուր կը գտնենք որակական դիպուկ արժեւորում մը:
Աւելի մխիթարական չեն արեւմտահայ բառարանները: Արդարեւ Տէր Խաչատուրեան, որ լաւագոյնն է եղածներուն մէջ, կը գրէ «ամբոխ - ժողովոուրդ, բազմութիւն, ռամիկ՝ խուժան, խաժամուժ» (1968):
Խառնափնթոր է. ասոնք համատեղելի հասկացութիւններ չեն:
Տէր Խաչատուրեան շատ տուրք տուած է ու զոհ գացած է արեւելահայ մտածողութեան՝ նոյն հարթակին վրայ դնելով մէկ կողմէ՝ ա) ժողովուրդ եւ բազմութիւն հասկացութիւնները, միւս կողմէ՝ բ) ռամիկ՝ խուժան, խաժամուժ հասկացութիւնները: Մինչդեռ ամբոխ-ին ու ժողովուրդ-ին տարբերութիւնը կը կայանայ հէ՛նց այս երկուքին միջեւ. աբոխ-ը խուժանն է, խաժամուժ-ն է, այսինքն՝ ժողովրդային այնպիիսի զանգուած, որ այլեւս չի տիրապետեր մարդկային բանականութեան բոլոր լծակներուն, թերի կը մտածէ, թերի կը դատէ, թերի կ’ընտրէ, թերի կը գործէ. ճի՛շդ խուժանն ու խաժամուժն է ան, որ անպայման ապուշներու հաւաքածոյ մը չէ, այլ պայմաններու բերումով կորսնցուցած է իր մարդկային բնական ու բանական յատկութիւնները ու դուրս եկած է իր հունէն:
Մովսէս, երբ Սինայի լեռը կը բարձրանար՝ գտնելու Եհովան, ետին ձգեց ժողովուրդ մը, իսկ դարձին՝ հոն գտաւ... գազազած ամբոխ մը:
* * *
Բաւական բարացուցական է «Նոր հայկազեան»-ը, որուն սահմանումներէն մէկը կ’ըսէ. «ամբոխ − համօրէն խումբ ռամկին, ժողով խառնիճաղանճից», ուր «խառնիճաղանճ» եզրը շատ լաւ կը բնութագրէ ամբոխին որակը:
Ծանօթ.− Խառնիճ-ը մարախի տեսակ մըն է, իսկ խառնիճաղանճ-ը մարախներու այն ահարկու խումբը, որ իր անցքին վրայ կը փճացնէ ու կ’ոչնչացնէ ամէն բուսականութիւն, տեղին համեմատ՝ ամէն շնչաւոր էակ: Մարախներ կան, որոնք կրնան կէս ժամուան մէջ խժռել ամբողջ պարարտ եզ մը ու ձգել անոր չոփ-չոր ոսկորները միայն:
Եւ ամբոխը, առաջին հերթին, կը բնորոշուի,− ճիշդ խառնիճին պէս,− իր ակարգութեամբ, վնասելու հակումով ու տրամադրութեամբ, իր անցքին վրայ հանրային ամէն արժէք քանդելու, ոտնատակ ընելու մղումով:
Բայց ահա այս սահմանումին կամ նմանակումին կից դասական հայերէնի մէջ եւ Կորիւնի գրիչին տակ կը գտնենք ամբոխ-ի բոլորովին ուրիշ կիրարկութիւն մը. ակնարկելով հայոց Վրամշապուհ թագաւորին, որ իր նախարարներուն եւ աւագանիին գլուխը անցած գնաց դէպի Վաղարշապատի արեւելեան սահմանը՝ դիմաւորելու համար Մեսրոպ Մաշտոցը, որ, Հայոց այբուբենը հնարած, Եդեսիայէն կը վերադառնար Հայաստան, նորագիւտ այբուբենի տախտակը բարձր բռնած՝ ի ցոյց մարդկան. «որոց առեալ ամենայն նախարարագունդ աւագանւոյն ամբոխ, ի քաղաքն ելեալ՝ պատահէին երանելւոյն զափամփ Ռահ գետոյն»:
Մանուկ Աբեղեան Կորիւնի այս ամբոխ-ը անպատեհ նկատելով՝ զայն թարգմանած է «բազմութիւն»:
Եւ իրաւունք ունի, քանի Մեսրոպը դիմաւորելու գացողները ազգին համօրէն վերնախաւն էին ՝ թագաւորը, նախարարները, աւագանին, հաւանաբար հոգեւոր դասը եւս:
Եզրակացութիւն
Այս փոքրիկհետազօտութիւնը ցոյց կու տայ, որ մեր պատմութեան ողջ տեւողութեան ամբոխ-ը առարկայ եղած է երկդիմի արժեւորումի՝ շփոթուելով մէկ կողմէ՝ մարդկային պատահական հաւաքականութեան, միւս կողմէ՝ խառնակ ու գլխակորոյս զանգուածի հետ:
Ծանօթ.− Վազգէն Մանուկեան բոլորովին նոր տարողութիւն ու հնչեղութիւն տուաւ նշեալ հասկացութեան. անոր համար ամբոխ “ժեխ” է այն, որ չի մաքարիր իր կողքին եւ փողոց չ’իջներ իր հետ՝ առանց ընտրութեան զինք վարչապետական աթոռին հասցնելու (կամ աթոռը իրեն հասցնելու) «ժողովրդավար» պայքարին:
Արմենակ Եղիայեան