Միասնաբար փրկենք հայերէնը (16)
Կը թուի, թէ մեր մէջընդմէջ ու ամօթխած զգուշացումները ոչ մէկ ազդեցութիւն կը գործեն, եւ «Պայքար»-ը նոյն ոգեւորութեամբ կը շարունակէ սխալներու պատկառելի ցանցով մը օժտել իր հերթական թիւերը. խոստովանիմ՝ քիչ մըն ալ ապշեցնելով զիս, քանի յաճախ նոյն սխալներն են, որ կանոնաւոր հերթականութեամբ կ’երեւին:
«Պայքար» իր սխալներուն կառչած է ճիշդ,- ինչպէս պիտի ըսէր Դանիէլ Վարուժան,- կրիան իր պատեանին կամ ալ Կեսարը իր դափնիներուն:
Ասոնց մէջ ուշադրութիւն կը գրաւէ յատկէս արեւելահայերէնի այն հետ-ը, որ մեսրոպեան յետ-ն է, եւ կը նշանակէ ետ, ետեւ, վերստին... եւ ոչ թէ հետ/միասին (whit, avec, con, مع):
Օրինակ՝
***Ռուսները գնում են իրենց փողերի հետեւից (թիւ 415, էջ 2):
---Ռուսները գնում են իրենց փողերի յետեւից:
Այսինքն՝ ետեւէն:
***Բոլորը պէտք է հետ ստանան իրենց տուած պարտքերը (անդ):
---Բոլորը պէտք է ետ ստանան իրենց տուած պարտքերը:
*** Ներկայացումը...ընդունուեց ոտընկայս ծափերով (անդ, էջ 7):
---Ներկայացումը ընդունուեց (յ)ոտնկայս ծափերով:
***Տակաւին համեցող թիւրիմացութիւններ (անդ, էջ 9):
---Տակաւին յամեցող թիւրիմացութիւններ:
***Երբեմն յարկը կը պահանջէ (անդ):
---Երբեմն հարկը կը պահանջէ:
***Ծով ուղղուելով անոնք ի զուր տեղը կը վատնուին (անդ, էջ 6):
---Ծով ուղղուելով անոնք կը վատնուին:
Նախ «ի զուր տեղը» թրքաբանութիւն է՝ boș yerinde:
Հայերէնը կ’ըսէ՝ «ի զուր»:
Իսկ վատնուիլ բային կից ի զուր մակբայը աւելորդաբանութիւն է, քանի
ամէն վատնում ինքնաբերաբար արդէն ի զուր կատարուած կը նշանակէ:
*** Այս կացութեան մէջ փոփոխութիւն չ’առաջացուց (անդ, էջ 5):
---Այս կացութեան մէջ փոփոխութիւն չառաջացուց:
***Իրաքի փրօ-իրանեան ուժերուն հետ (անդ):
---Իրաքի փրօիրանեան ուժերուն հետ:
---Իրաքի իրանամէտ ուժերուն հետ:
Անկան, սանդ եւ սխտործեծ
Այսօր կը կարդայի անծանօթ հեղինակի մը պատահական մէկ յուշագրութիւնը, ուր վարակիչ ափսոսանքով մը ըսուած է. «Այսօր մօրս պղնձեայ սպասներէն ինծի մնացած են միայն անկանն ու անոր կոթը»:
-Ա՛ս ուրկէ բուսաւ,- մտածեցի:
Ահա բառ մը, որուն առաջին անգամն է որ կը հանդիպիմ:
Իսկոյն բացի Գայայեանի բառարանը՝ համոզուած, որ պիտի չգտնեմ նման բառ մը ու հաստատեմ, որ ան... դադրած է գոյութիւն ունենալէ կամ ալ անհետացած է աշխարհիս երեսէն, ու հոգ մը պակաս:
Կը սխալէի. այստեղ սեւով ճերմակի վրայ գրուած է.
--«Անկան - սանդ, լեսան, սանդար, հրասանդ»:
Մարդկային գիտութիւնը որքա՜ն փխրուն ու սահմանափակ է:
Ուրեմն սանդ՝ ծանօթ հոմանիշին կից կը գտնեմ երեք ուրիշները, որոնց մասին նմանապէս ոչինչ գիտէի: Միայն վերջինը՝ հրասանդ-ն է, որուն փոխաբերական նշանակութեան՝ իբրեւ «ռումբ արձակող փողի», ծանօթ եմ տարտամօրէն:
Ու այսքան:
Հայր Պետրոս Ճիզմեճեան տուած է հրաշալի նկարագրութիւն մը.
--«Նեղ ու խոր մետաղէ բոլորաձեւ աման՝ համեմ եւ այլն ծեծելու համար... պզտիկ սանդ:
Այս պայծառ բացատրութիւնը կարդացողը իսկոյն պիտի ճանչնայ այդ պիտոյքը, որ տեղ կը գտնէր վաղ անցեալին, իսկ երբեմն ալ մինչեւ այսօր գրեթէ ամէն տան մէջ: Միայն թէ, ինչպէս ցոյց կու տան նկարները, անոնք ընդհանրապէս շինուած են կաւային նիւթէ, բացառուած չէ փայտն ալ. մինչ սանդը քիչ մը ուրիշ է, ինչպէս պիտի տեսնենք աւելի անդին:
Սակայն յատկանշական է, որ գոնէ իմ յիշութեանս մէջ անոր պատկերը երբեք չէ կապուած անկան անունին: Կրնամ վստահ ըսել, որ նման բառ օրին չէ գործածուած երբեք պապենական բոլորովին հայախօս տանս մէջ, այսօր ալ... իմինին:
Զայն չունին հայր Անդրանիկ Կռանեանն ու Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանը:
Այս ալ որոշ չափով կը վկայէ կամ նոյնիտկ կը հաստատէ, որ ան մաս չէ կազմած մեր ընթացիկ բառամթերքին:
Արեւելահայ բոլոր բառարանները ունին զայն:
Զայն ունի «Նոր Հայկազեան»ը եւս, իսկ գրաբար Աստուածաշունչը իր կարգին կիրարկած է զայն: Այս վերջին տուեալը ի մտի ունենալով կարելի է զարմանալ, որ Կռանեան եւ Տէր Խաչատուրեան չճանչնային այս բառը, քանի երկուքն ալ շատ մօտ պէտք է եղած ըլլային «Աստուածաշունչ»-ին:
* * *
Անկանէն որոշ չափով կը տարբերի սանդը, որ շատ սովորական էր եւ կը գտնուէր գրեթէ ամէն տան մէջ: Ան մօտաւորապէս մէկ թզաչափ հասակով ու 10 սմ տրամաչափով պղինձէ կամ արոյրէ տոկուն աման էր իր նմանապէս մետաղեայ սանդակոթով:
Սանդը նախատեսուած էր յարաբերաբար կարծր առարկաներ ծեծելու ու փշրելու:
Սանդի կողքին շատ տարածուած էր նաեւ տախտակեայ սխտործեծը իր նմանապէս տախտակեայ կոթով. ան աւելի փոքր էր, 8-10 սմ հասակով, մօտաւորապէս վերը բերուած անկաններու չափով ու ձեւով:
Մրցոյթ 15.
***Ի՞նչ բառով կը փոխարինես կէտերը:
---Ան բծախնդրօրէն կարգադրեց ամէն բան. ոչինչ ձգեց պատահակա-նութեան:
***Փորձէ՛ հայեցի շարադասել հետեւեալ խորագիրը.
---Արաբական վեհաժողովը կը պահանջէ Իսրայէլի ամբողջական հեռացումը Լիբանանէն ու գերիներու յանձնումը:
***Հետեւեալ երկուքէն ո՞ր մէկը աւելի հայեցի ու բարեհունչ կը գտնես.
---Համաձայնութիւն գոյացաւ նշանակումներու թղթածրարին մէջ թափանցիկ մեքանիզմ մը օգտագործելու:
---Համաձայնութիւն գոյացաւ նշանակումներու թղթածրարին մէջ օգտագործելու թափանցիկ մեքնանիզմ մը:
***Հետեւեալին մէջ բառ մը կը կարօտի փոփոխութեան.
---Սուրիոյ տիւրզիները որեւէ ամէն սպառնալիքէ պիտի պաշտպանուին:
***Ջնջէ աւելորդաբանութիւնը:
---Անձրեւի ջուրերը ծով հասնելով ի զուր տեղը կը վատնուին:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (8), Ցոլակ Ապտալեան(5), Համբաձում Յարթունեան (7), Գեղամ Խաչատրեան (9), Եփրեմ Թոքճեան (8), Պերճ Տէր Սահակեան(6):
Մրցոյթ 16.
***ԻՆչպէ՞ս պիտի ուզէիր գրուած տեսնել հետեւեալը.
---Ամբողջութեամբ սիւննի մարտիկներէ բաղկացած բանակայինները ալե- ւիաբնակ վայրեր տեղադրելով բռնութիւնը անխուսափելի դարձած էր (Ակօս,1490):
***Սրբագրէ՛ հետեւեալին անհամասեռութիւնը.
---Մենք երաշխիքներ կʼուզենք, որ 30-օրեայ հրադադարի ընթացքին Ուքրանիա զօրահաւաք պիտի չկատարէ, չի վերապատրաստուիր եւ զէնք չի ստանայ:
***Սրբագրէ հետեւեալին քերականական սխալը.
---Զինադադարի հովանաւորները բոլոր ջանքերը կը թափեն Իսրայէլը զայն գործադրել ստիպելու համար («Ազդակ», 13/3/2025, էջ 2):
***Ինչպէ՞ս կը սրբագրես հետեւեալ սխալ կառոյցը.
---Անհաւատալի է Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Մեծն Բրիտանիոյ կամ այլ եւրոպացի ղեկավարի՝ Թուրքիոյ հետ սեղանակից ըլլալու իրողութիւնը («Ազդզկ», 14/3/2025, էջ5):
***Վերաշարադրէ հետեւեալը.
---Լիբանանը դիմագրաւող ներկայ տագնապներուն դիմաց նախագահի գործունէութիւնը հարկ է դառնայ փրկութեան առաքելութիւն մը:
Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com
`