image

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (15)

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (15)

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (15)

  Պայքար (թիւ 412)

***Բարեփոխումների օրակարգը հետ է մնում:

---Բարեփոխումների օրակարգը յետ է մնում:

***ֆէօտալական

---ֆէոտալական...նախընտրաբար՝ աւատապետական

*** Շուրջ  պարը  չյաջողուեց:

---Շուրջպարը չյաջողուեց:

***Այժմ հաւակնում է դափնեպսակին:

---Այժմ յաւակնում է դափնեպսակին:

***Մէկ մասը  անվերադարձ մեկնեցան:

---Մէկ մասը անվերադարձ մեկնեցաւ:

Ակօս (թիւ  1487)

***Վեց հազար մարդու ներառող

---Վեց հազաար մարդ ներառող

***հետադիմական

---յետադիմական

***փոխ տնօրէն 

---փոխտնօրէն

***հաշւոյն 

---հաշուոյն

***ձերամբ

---ձեռամբ

Արարատ (25/2/2025)

***երրորդ ամեակին

---եռամեակին

***Ճիշդ ժամանակն  է արի զօրավար:

---Ճիշդ ժամանակն է, արի՛ զօրավար:

*** Սաւառնող արծիւներ  կը սպասենք ակնակառոյց կերպով:

---Ակնկառոյց կը սպասենք սաւառնող արծիւներ:

Նաեւ՝ ակնդիր, ակնթարթ, ակնկալում, ակնկոր, ակնյայտ:

*** Բաղդաւորուեցաւ աղջիկ զաւակով:

---Բախտաւորուեցաւ աղջիկ զաւակով:

*** Եւ ի՜նչ իմանաս, եթէ սիրտը ... բաբախելէ դադրած չէր:

---Եւ ի՜նչ իմանաս,  թէ  սիրտը ... բաբախելէ դադրած չէր:

Զարթօնք, (18/2/2025)

*** Եկեղեցուոյ պատմութիւնը, ունի պատուաբեր սոովորութիւններ:

---Եկեղեցւոյ   պատմութիւնը  ունի պատուաբեր սովորութիւններ:

***Պարսիկը մեր եկեղեցիները չվերածեն ատրուշաններու:

---Պարսիկը մեր եկեղեցիները չվերածէ   ատրուշաններու:

*** Յականէ անուանէ  նզովել բոլոր անոնց...

---Յականէ-անուանէ նզովել բոլոր անոնք...

***Բողոքարար զանգուած մը, որոնք վրդոված էին...հրկիզած են...

---Բողոքարար զանգուած մը, որ վրդոված էր ...հրկիզած է...

***Լաւ, որ ղեկավարութիւնը թուրք են…  Հայաստանի քարտէզներ կար:

---Լաւ որ ղեկավարութիւնը թուրք էր …  Հայաստանի քարտէզներ կային:

Ապագայ (24/2/2025)

*** Նստաշրջանը որոշում ընդունեց դիմելու խորհուրդներուն:

---Նստաշրջանը որոշում կայացուց դիմելու խորհուրդներուն:

***Այս մեծ ողբերգութեան իբրեւ արդիւնք՝ 150 հազար արցախցիներ ստի-պուած էին տեղահանուիլ:

---Այս մեծ ողբերգութեան  հետեւանքով 150 հազար արցախցիներ...

*** Թափած արիւնն ու քրտինքը մեզի կը մղեն չընկրկելու:

---Թափած արիւնն ու քրտինքը մեզ    կը մղեն  չընկրկելու:

***Որպէսզի,  իր իսկ պնդումով, բռնի կերպով գանձէ տուրքերը:

---Որպէսզի, իր իսկ պնդումով, բռնի  գանձէ տուրքերը:

***Բարեփոխումների օրակարգը հետ է մնում...

---Բարեփոխումների օրակարգը յետ է մնում:

Մասիս (22/2/2025

***Քոչարեան խուսափեցաւ ուղղակի պատասխանել:

---Քոչարեան խուսափեցաւ ուղղակի պատասխանելէ

***Իր կողմնակիցները չեն ընդունիր Սարգսեանին:

---Իր կողմնակիցներըչեն ընդունիէ Սարգսեանը:

*** Մահ ոչ իմացեալ մահ  է, մահ իմացեալ  անմահութիւն է:

---Մահ ոչ իմացեալ՝ մահ է, մահ իմացեալ՝ անմահութիւն է:

***վերջին հաշւով

---վերջին հաշուով

***Նշանակելով ամենահարուստ մարդուն:

---Նշանակելով ամենահարուստ մարդը:

Մրցոյթ 14.

***Դուն ինչպէ՞ս կը շարադրէիր հետեւեալը՝ առանց որեւէ բառ փոխելու:

---Դպրոցները 10 մարտին (մարտ 10-ին)՝ ուսուցչաց տօնին   առիթով փակպիտի մնան:

***Սրբագրէ՛ անհամասեռութիւնները:

---Ռուսիա, պատերազմի աւարտին շնորհիւ,  պիտի գործէ աւելի ազատօրէն ու աւելի հանգիստ պայմաններու մէջ:

---Թրամփ համոզում յայտնեց, որ Յորդանան(ն) ու Եգիպտոս(ը) «մեզի հողեր պիտի տան՝ կազացիները այնտեղ բնակեցնելու համար»:

***Կէտադրէ՛ հետեւեալը. 

---Մեռեր է Արարատի մարզի ամենատարեց՝105-ամեայ բնակչուհին:

***Դուն ինչպէ՞ս կը շարադրէիր «Ազդակ»-ի հեետեւեալ գոհարը.

---Կառավարութեան վստահութեան քուէն ստանալու յաջորդ փուլը

տարբեր է նախորդէն:

Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (8), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (4), Ցոլակ Ապտալեան (8), Գեղամ Խաչատրեան (6), Համբարձում Յարթունեան 

(7), Պերճ Տէր Սահակեան (7), Եփրեմ Թոքճեան (8):

Մրցոյթ 15.

***Ի՞նչ բառով կը փոխարինես կէտերը:

---Ան բծախնդրօրէն կարգադրեց ամէն բան. ոչինչ ձգեց. . . . . . . . . . :

***Փորձէ՛ հայեցի շարադասել   հետեւեալ խորագիրը.

---Արաբական վեհաժողովը Լիբանանէն Իսրայէլի ամբողջական հեռա-ցումն ու գերիներու  յանձնումը կը պահանջէ:

***Հետեւեալ երկուքէն ո՞ր մէկը աւելի հայեցի ու բարեհունչ կը գտնես.

---Համաձայնութիւն գոյացաւ նշանակումներու թղթածրարին մէջ թափանցիկ մեքանիզմ մը օգտագործելու:

---Համաձայնութիւն գոյացաւ նշանակումներու թղթածրարին մէջ օգտագործելու թափանցիկ մեքնանիզմ մը:

***Հետեւեալին մէջ բառ մը կը կարօտի փոփոխութեան.

---Սուրիոյ տիւրզիները որեւէ սպառնալիքէ պիտի պաշտպանուին:

***Ջնջէ աւելորդաբանութիւնը:

---Անձրեւի ջուրերը ծով հասնելով ի զուր տեղը կը վատնուին:


Արմենակ Եղիայեան 

armenag@gmail.com