1. Ուղղագրական յուշատետր
ՌՌ ... գոռգոռալ, զռզռալ, խռխռալ, կռկռալ, հռհռալ, ճռճռալ, մռմռալ, պոռպռալ-պոռպոռալ, տռտռալ: Աչքի առաջ ունենալ նաեւ՝ գռմռալ, եռուզեռ, թռվռալ-թռվռուն, ծռմռել, ծուռումուռ, կեռումեռ, շուռումուռ, վառվռիլ-վառվռուն:
ՐՌ ... բարբառ-բարբառիլ, գրգիռ-գրգռել, թրթիռ-թրթռալ, կարկառ-կարկառել (երկարել, դուրս ցցել), սառ-սարսուռ-սարսռալ բառերը, որոնք իրենց արմատական առաջին ռ-ն բաղաձայնէն առաջ վերածած են ր-ի. այս տրամաբանութեամբ ալ, օրինակ, ձեռ արմատը գործիականի մէջ կու տար ձերբ, ջեռ՝ ջերմ, նաեւ՝ քոյր-քեռ-քերբ: Ոմանք մեքենաբար կը գրեն նաեւ գորգոռալ, թրվռալ, վարվռուն, ինչ որ սխալ է:
ՐՐ ... անդորր, բերրի, դրդիր , երրորդ, թրթուր, խորտուբորտ, ծործոր, կերկեր-կերկերել (ձայնի նուաղում), հետաքրքիր-հետաքրքրել, հուրհրալ, մարմրիլ, մրրիկ, որկոր, չարչարել, չարչրկել, չորրորդ, սորիլ-սորսորիլ, տարր, տէրտէր, փորփորել-փորփրել, փրփուր-փրփրիլ, քարքարոտ, քրքիր-քրքրել, օրրան եւ այլն: Միւս կողմէ՝ երրեակ կը գրուի նաեւ եռեակ, որ շատ աւելի կոկիկ է:
2. Ինք
Հայերէնի ամենաբեղուն ու կենսունակ դերանունն է, որ շատ հնուց գոյութիւն ունեցած է մեր լեզուին մէջ իրեն հոմանիշ գրաբարեան նա եւ աշխարհաբարեան ան դերանուններու կողքին: Հանդէս կու գայ ինք-ինքն-ինքը ձեւերով:
ա) Սաստկացուցիչ
Յարաբերաբար ան-ին՝ ինք ունի սաստկական երանգ մը շնորհիւ ներունակ շեշտի մը, որով օժտուած է. բաղդատենք՝
--Այս լուրը տուողը ան էր:
--Այս լուրը տուողը ի՛նք(ն) էր:
Այս սաստկացումը շատ աւելի ազդու է, երբ զայն կը կցենք այլ դերանուններու՝ ես ինքս, դուն ինքդ, մենք ինքներս, դուք ինքներդ կամ գոյականներու, որոնց հետ կը կազմէ բաղադրեալ ենթականեր. օրինակ՝
--Դուն առաջարկեցիր իր անունը: --Դուն ի՛նքդ առաջարկեցիր իր անունը:
--Թորոսը պատմեց այս բոլորը: --Թորոսը ի՛նք պատմեց այս բոլորը:
բ) Անդրադարձում
Անձնական դերանուններու հոլովուած ձեւերու միացումով կը կազմէ արեւմտահայերէնի անդրադարձ դերանունները. բաղդատենք՝
--Ան ինքն իրեն վնասեց:
--Ան Թորոսին վնասեց:
Այս երկու կիրարկութիւնները ունին շարահիւսական նոյն կաղապարը, սա տարբերութեամբ միայն, որ առաջինին մէջ ան վնաս հասցուցած է իր սեփակա՛ն անձին, երկրորդին մէջ ան վնաս հասցուցած է ուրիշի մը: Այլ խօսքոով՝ ենթակային կատարած գործողութիւնը կ’անդրադառնայ իր սեփական անձին, այսինքն՝ վնաս պատճառողը եւ վնաս կրողը նոյն անձն է: Մինչ երկրորդին մէջ ենթակային պատճառած վնասը կ’անցնի ուրիշի մը:
--Ան ինքզինք մատնեց:
--Թորոսը ինքն իրեն պահեց մեծ պատառը:
--Մարկոսը ինքն իրմէ ձանձնացած մարդ է:
--Այդ ընկերդ ինքն իրմով կը պարծենայ միշտ:
Անգլերէնի «self» ձեւոյթին համազօրութիւն ցոյց կու տայ՝ myself-yoursel-himself եւ այլն: Ֆրանսերէնը նոյն իմաստը կը ստանայ կրաւորականի կազմութեամբ՝ me, te, se: Il se garde le gros morceau: Երկուքն ալ թերի են յարաբերաբար հայերէնին:
Հոլովական յարացոյցն է՝ ինքզինք-ինքն իր-ինքն իրեն-ինքն իրմէ-ինքն իրմով: Դիմային յարացոյցը՝ ինքզինքս-ինքզինքդ-ինքզինք(ը). յոգնակի դէմքերը՝ ինքզինքնիս-ինքզինքնիդ-ինքզինքնին, որոնք շատ յանձնարարելի չեն. յանձնարարելին՝ մենք մեզ, դուք ձեզ, իրենք զիրենք կազմութիւններն են:
գ) Մակբայացում
Յարացոյցին մէջ զատորոշուելով միւսներէն՝ ինքնիրեն տրականը հետզհետէ մակբայանալով ստացած է բոլորովին տարբեր նշանակութիւն մը, որ է՝ «իր սեփական միջոցներով՝ առանց արտաքին օժանդակութեան կամ միջամտութեան». օրինակ՝
--Ան ինքնիրեն լուծեց խնդիրը:
--Փոսը ինքնիրեն լեցուեցաւ:
--Կրակը ինքնիրեն մարեցաւ:
--Միսը ինքնիրեն հալեցաւ ակռաներուս տակ:
--Այս ծառը ինքնիրեն բուսած է այստեղ:
Այս բոլոր օրինակներուն մէջ ինքնիրեն-ը կը պատասխանէ «ինչպէ՞ս» հարցումին, որ յատուկ է մակբայներուն. օրինակ՝ «Ինչպէ՞ս լուծեց,− ինքնիրեն»:
Իսկ ի՞նչ անուն տալ ինքնիրեն-ի այս կիրարկութեան. յարմարագոյնն է «դերանուանական մակբայ»-ը, որով ան կը դադրի «անդրադարձ դերանուն» կոչուելէ: Ան նախադասութեան մէջ կը կատարէ ձեւի պարագայի պաշտօնը՝ ըստ դիմային յարացոյցի մը՝ ինքնիրենս-ինքնիրենդ-ինքնիրեն(ը) եւ ինքնիրեննիս-ինքնիրեննիդ-ինքնիրեննին. յոգնակի դէմքերը ընտիր չեն, սակայն այլընտրանք չունինք: Գոյութիւն ունի դիմային յարացոյցի ժողովրդախօսակցական տարբերակ մըն ալ՝ եսինծի-դունքեզի, ... մենքմեզի-դուքձեզի-իրենքիրենց:
Օրինակ՝ Ինքնիրենս լուծեցի խնդիրը = Եսինծի լուծեցի խնդիրը:
Ծանօթ.− ա) Ուշադիր պէտք է ըլլալ, որ անդրադարձ ձեւերու յարադիր՝ ինքն իրեն, եւ մակբայական ձեւերու կցական՝ ինքնիրեն, եսինծի ուղղագրութիւնները յարգուին. գրաւոր խօսքի մէջ ասոնք զանազանելու լաւագոյն միջոցն է այս: բ) Նկատելի է, միւս կողմէ, որ բանաւոր խօսքի մէջ առաջինը վերջաշեշտ է՝ ինքն իրե՛ն, իսկ երկրորդը նախաշեշտ՝ ի՛նքնիրեն:
Արմենակ Եղիայեան