image

Հայերէնը կը զուարճանայ (37)

Հայերէնը կը զուարճանայ (37)

Կրկնաբանութիւն

            Կրկնաբանութիւնը,− այսինքն՝ անտեղի կրկնութիւնը,− գրողական-ոճաբանական մեծագոյն թերութիւններէն մէկն է, որ  կը ճապաղցնէ մարդկային խօսքը, անշեղօրէն կը խրտչեցնէ ընթերցողը կամ ունկնդիրը,  եւ արգելք կ’ըլլայ անոր ցանկալի ընկալումին:

             Որովհետեւ խորթ  ու տաղտկալի է ան:

            Այդ խորթութեան զգացումը միայն մտաւորականին կամ հայկաբանին յատուկ չէ. կրկնաբանութենէ բնական խորշանք ունի որեւէ անձ՝ անկախ իր ուսումէն, տարիքէն ու կարգավիճակէն, վասնզի այդ խորշանքը բնածին է ամէն անհատի մէջ:

            Անշուշտ ան  աւելի ակնբախ ու զգալի,  այլեւ ցաւցնող է այն ընթերցողին համար, որուն առօրեային մաս կը կազմէ ընթերցումը՝ գիրն ու գրականութիւնը, գրաւոր խօսքը, ուստի եւ ամենաշատ ենթակայ է կրկնաբանութեան գրոհներուն:

            Այս այսպէս ըլլալով՝ փութամ աւելցնել,  որ կրկնաբանութենէ խուսափումը առհասարակ կարելի է. դժուար է պատկերացնել  կրկնաբանութիւն մը, որմէ կարելի չըլլայ խուսափիլ: Ասոր համար պէտք է նախ բարի կամեցողութիւն ունենալ, ապա գեղեցիկ գրելու նախանձախնդրութիւնը, յարգել ընթերցողը եւ վերջապէս...սիրել հայերէնը:

            Տեսնենք  օրինակով:

*   *   *

            «Ազդակ»-ի 11 օգոստոս-ի 8-րդ  էջին վրայ կը գտնենք հետեւեալ խորագիրը՝ գրուած սեւով ճերմակի վրայ.

             ա) «100 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Թուրքիոյ մէջ Մալաթիոյ  հայկական եկեղեցւոյ մէջ պատարագ պիտի մատուցուի»:

            Մէկ խորագիրի ծիրէն ներս  երեք անգամ... մէջ:

            Կրնա՞յ  ասկէ  աւելի մեծ աղէտ պատահիլ գրողական մակարդակի վրայ:

            Եւ  այսքան տափակ ու ողորմելի ըլլալ խորագիր մը:

            Կարդացէ՛ք զայն քանի մը անգամ  եւ պիտի զգաք, թէ որքա՜ն ծանր կը հնչէ ան, խորթ ու անընդունելի, բաներ, որոնց  նուազ կ’անդրադառնանք  հարեւանցի ընթերցանութեան առթիւ:

            Կարելի՞ էր խուսափիլ  նման կացութենէ մը:

            Կարդանք յօդուածը՝ տալու համար  առաջին պատասխանը.

            բ) «100 տարուան  մէջ առաջին անգամ ըլլալով Թուրքիոյ Մալաթիա  քաղաքի  Սուրբ Երրորդութիւն հայկական եկեղեցւոյ մէջ պատարագ պիտի մատուցուի»:

            Ինչպէս կը նկատէք, այստեղ արդէն ինքնասրբագրում տեղի ունեցած է,  եւ երեքի փոխարէն ունինք երկու մէջ, որ ինքնին ոճաբանօրէն շատ մեծ կարեւորութիւն ունի: Եթէ ա՛յս ըլլար խորագիրը, հաւանաբար  մեր յօդուածը չգրուէր՝ սպասելով ուրիշ առիթի, հաշտուելով երկու մէջ-ի ներկայութեամբ:  Ուրեմն կարելի՛ էր, սակայն գրողը անտեսած է այդ առձեռն կարելիութիւնը խորագրի շարադրութեան առթիւ:

            Արդ, կարելի՞ է,  քիչ մը աւելի տուն տալով մեր... արդար պահանջատիրութեան, ջնջել այդ երկուքէն մէկը եւս,−այո՛, կարելի է. կը բաւէ,  նախանձախնդիր ըլլալ:

            Եւ ահաւասիկ.

            գ)«Անցած 100 տարիներուն առաջին անգամ ըլլալով Թուրքիոյ Մալաթիա  քաղաքի  Սուրբ Երրորդութիւն հայկական եկեղեցւոյ մէջ պատարագ պիտի մատուցուի»:

            Ուրեմն մնաց միայն մէ՛կ մէջ:

            Եւ ամէն կրկնաբանութիւն անհետացաւ:

             Ճիշդ ի՞նչ ըրինք:

            Մենք օգտուեցանք  հայերէնի այն յատկութենէն, ուր  տրական հոլով գոյական մը (100 տարիներուն) համարժէք է  մէջ-ով կազմուած բառակապակցութեան (100 տարուան մէջ):

                        100 տարիներուն         =  100 տարուան մէջ

                   գաղթի ճամբաներուն =  գաղթի ճամբաներուն վրայ

                   ընթրիքին               =   ընթրելու ընթացքին

            Այս ձեւով տրական թուող գոյականները իմաստով...ներգոյական են, պատմական ներգոյականը, որ հիմա ջնջուած է արեւմտահայերէն  աշխարհաբարի քերականութենէն, սակայն ամէն արեւմտահայու ենթագիտակիցին մէջ  ներկայ է ան  ու տեղին համեմատ կը կիրարկէ զայն՝ թէկուզ առանց անդրադառնալու:

            Իրողութիւնը շատ աւելի ցայտուն է արեւելահայերէնի մէջ, որ  աւելի բախտաւոր է՝ պահած ըլլալուն համար այդ հոլովը  եւ ազատ ընտրութիւն ունի. այսպէս՝

                        100 տարում  =  100  տարիներին  =  100 տարուայ մէջ

*   *   *

            Քիչ անդին կը կարդանք.

            «Իրաքի վարչապետարանը յայտնեց, որ Իրաքի վարչապետը Մաքրոնին յայտնած է, թէ Ֆրանսան Իրաքի իսկական գործընկեր մըն է»:

            Վարչապետարան  ու վարչապետ-ի հրմշտուքը արդէն տրամադրութիւնդ կ’աւրէ. բնաւ լուսաւոր հորիզոններ նախատեսել չի տար,  եւ իրաւունք ունիս, քանի իսկոյն աչքերուդ առջեւ կը տողանցեն յայտնեց  եւ յայտնած է...

            Մէկ նախադասութեան ծիրէն ներս՝ երեք անգամ Իրաք, յայտնեց ու յայտնած է, վարչապետարան եւ վարչապետ...

          Մարդ շնչահեղձ կ’ըլլայ ասոնք կարդալով:

            Կարելի՞ էր խուսափիլ,− ըսենք՝ բարելաւել այս խժալուր բառակաոյտը:

            Փորձենք.

            «Իրաքի վարչապետարանը յայտնեց, որ իրենց ղեկավարը Մաքրոնին տեղեկացուցած է, թէ Ֆրանսան Իրաքի իսկական գործընկեր մըն է»:

            Տեղեկացնելու փոխարէն կարելի էր նաեւ՝ հաստատել, հաւաստել,  վստահեցնել: 

            Նկատենք լեզուական ուրիշ անհարթութիւն մըն ալ, որ շատ յաճախ կը սպրդի մեր գրողներուն գրիչին տակ. «Իրաքի...գործընկեր մըն է ան», − մերժելի կառոյց  է այս, ուր Իրաքի սեռական հոլով յատկացուցիչին յատկացեալը փոխանակ որոշիչ յօդի, կը կրէ անորոշ յօդ մը՝ գործընկեր մը...:

            Այսպէս հայերէն կարելի չէ մտածել ու գրել: Յատկացուցիչը միշտ որոշեալ յատկացեալ կը պահանջէ այն պարզ պատճառով, որ ան այլեւս անորոշ հասկացութիւն մը չէ, յատկացուցիչ մը՝ տէր մը ունի. ուրեմն՝ « Ֆրանսան Իրաքի իսկական գործընկերն է»:

            Այլընտրաքային  կառոյց՝   «Ֆրանսան Իրաքի մէկ իսկական գործընկերն է»:

            Ուրեմն երկու պարագաներուն ալ  գործընկեր յատկացեալը օժտեցինք որոշիչ յօդով մը, քանի հայերէնը յատկացուցիչ-յատկացեալ կապակցութիւնը այլ կերպ չ’ըմբռներ:

             Յետագրութիւն

            Նոյն լեզումտածողութեան ու քերականութեան հետեւողութեամբ եւ  նոյն ձեռքով գրուած է. «Էրտողան Թուրքիոյ  երեք նահանգ  աղէտի գօտի յայտարարած է» («Ազդակ», 14-8-21, էջ 8):

            Ուր պարտէինք ունենալ հետեւեալ երկուքէն մէկը.

            ---Թուրքիոյ երեք նահանգները,

            ---Թրքական երեք նահանգ(ներ):

            Մրցոյթ 30.

            Արգիլել բայը ընդհանրապէս սխալ տնտեսուած է մեր մէջ: Բերուած օրինակմներէն իւրաքանչիւրը կը կրէ   երկուքական սխալ: Ուրեմն գտնել զանոնք ու նորովի շարադրել:

            ---Իմ ամբողջ գուրգուրանքը, յարգանքը… զիս չեն կրնար արգիլել արտայայտելու իմ խորունկ ցաւը... (Յակոբ Օշական, «Սփիւռքը եւ իրաւ բանաստեղծութիւնը»):

                Իմ ամբողջ գուրգուրանքը, յարգանքը… ինծի չեն կրնար արգիլել արտայայտել իմ խորունկ ցաւը...

            ---Վախկոտութիւնը զինքը արգիլեց շուկայ երթալէ» (Օշական, «Խոնարհները», էջ 207):

                Վախկոտութիւնը իրեն  արգիլեց շուկայ երթալ:

            ---Բայց այս չ'արգիլեր մեզ յայտարարելէ, ինչ որ մեր խիղճին վրայ ճշմարիտ կը հաւատանք (Գրիգոր Զոհրապ, «Կնոջ իրաւունքները»):

                Բայց  այս  չ'արգիլեր մեզի յայտարարել...

            ---Ան չէր կրցած ինքզինք արգիլել անդիմադրելի ցաւ մը զգալէ (Ռոպեր Հատտէճեան,  «Պտոյտ մը հայոց լեզուի բառարանին մէջ», Բ., էջ 63):

                Ան չէր կրցած ինքնիրեն արգիլել անդիմադրելի ցաւ մը զգալ:

            ---Ուրեմն, ի՞նչ կ’արգիլէ մեզ լիարժէք ընդառաջելու այդ նախաձեռնութեանց (Գեղարդ կայք, 10-8-21):

                Ուրեմն, ի՞նչ կ’արգիլէ մեզի լիարժէք ընդառաջել այդ նախաձեռնութեանց:

             Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան(10), Մանուէլ Ֆարաճեան (10), Ցոլակ Ապտալեան (9), Համբարձում Յարթունեան(10), Եփրեմ Թոքճեան (10),  Համո Ապտալեան (7):

            Մրցոյթ 31.

            Արեւմտահայը  չի գիտեր  ճիշդ կիրարկել կարենալ բայը:

            Փորձէ՛ շրջել այս իրողութիւնը  եւ ուղղել հետեւեալները.

            --- Գատըգիւղ չկրնալ երթալուն... համար (Արփիար Արփիարեան):

            --- Պիտի տառապինք անոնց չկրնալ իջնալնուս  պատճառով (Յակոբ Օշական):

            ---Մարդոց մեծամասնութիւնը չկարենալ քնանալու  տառապանքը կ’ապրի (Ռոպեր Հատտէճեան):

            --- Փաստաբան չկրցող եղողները՝ վաճառական կ’ըլլան (Նշան  Պեշիկթաշլեան):

            --- Սրածուածներուն  ցաւը չկարենալ մեր տրամաբանութեան հետ հաշտեցնելէ ետք (Պօղոս Սնապեան):

            armenag@gmail.com                                                                                     Արմենակ Եղիայեան